Մեծ Պահքի Առիթով Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան Կեդրոնը

Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Ուրբաթ, 9 Մարտ 2018-ին, այցելեց Հայց. Առաք. Հոգեւոր Եղբայրակցութեան կեդրոնը եւ Մեծ Պահոց Միջինքին առթիւ կատարեց հսկումի արարողութիւն։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան եւ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան:

Արարողութեան սկիզբը, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ եղբայրակցութեան հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներուն, մասնաւորաբար Գէորգ Եղբայր Մկրտչեանի յիշատակին, որուն մահուան տարելիցն էր։ Հսկումի արարողութեան մասնակցեցան եղբայրակցութեան անդամները, որոնք նաեւ ընթերցեցին «Հաւատով Խոստովանիմ»ը:

Հիւրընկալ վարչութեան ատենապետը՝ Աւօ եղբայր Գապաքչուզեան արտասանեց ողջոյնի խօսք. ան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին՝ իր տարիներու զօրակցութեան ու հոգածու վերաբերմունքին համար:

Օրուան հոգեւոր պատգամը տուաւ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան։ Ան նշեց, թէ կը գտնուինք Մեծ Պահքի շրջանին մէջ. իւրաքանչիւր հաւատացեալ պէտք է գիտակցի, որ մինչեւ իսկ եթէ կ’ապրի անառակի կեանքով, Աստուած, իբրեւ սիրող ու ներող հայր՝ միշտ իր ձեռքերը բաց կը սպասէ մեր զղջումին եւ դարձին։ Երբ փորձութեան ենթարկուինք, պէտք է անոր ընդմէջէն տեսնենք բարին, գիտակցինք որ բոլոր փորձութիւններուն ընդմէջէն, մենք կրնանք զօրանալ եւ աւելի մօտենալ Աստուծոյ։

Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը խօսք առնելով, առաջին հերթին գնահատանքով արտայայտուեցաւ Եղբայրակցութեան քրիստոնէավայել գործունէութեան եւ մեր եկեղեցւոյ հաւատարմութեան մասին, օրհնեց անոնց ծառայութիւնները եւ յիշեցնելով, որ կը գտնուինք Մեծ Պահոց շրջանին մէջ, յորդորեց վերանորոգուիլ հոգուով, դիմել ինքնասրբագրութեան եւ աղօթքով պատրաստուիլ դիմաւորելու Ս. Յարութեան հրաշափառ տօնը։

Աւարտին, Եղբայրակցութիւնը ընթրիքով հիւրասիրեց հոգեւոր հայրերը: Ընթրիքի պահուն, արտասանուեցան շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խօսքեր: Ներկաները Առաջնորդ Սրբազանէն իբրեւ նուէր ստացան «Դատաւորի Կիրակի»ի յատուկ աղօթքներ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022