Հինգշաբթի, 30 Յունիս 2016ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանի Տնօրէնուհի Դոկտ. Ալինա Դուրեանի եւ Ուսումնական Մարմինի անդամներ Տեարք Վահէ Թաշճեանի եւ Մուրատ Շահինեանի, որոնք Ազգ. Առաջնորդարան եկած էին շնորհաւորելու Առաջնորդ Սրբազանը՝ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ 6րդ քառամեակի մը համար վերընտրութեան առիթով: Հանդիպումին ներկայ եղաւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան:
Այցելուները շնորհակալական ու երախտագիտական արտայայտութիւններով անդրադարձան Առաջնորդ Սրբազանին ծառայութիւններուն եւ մասնաւորաբար մեր ուսումնարաններուն հանդէպ հոգածու մօտեցումին համար: Անոնք նաեւ հակիրճ բացատրութիւններ տուին վարժարանին արձանագրած նորագոյն նուաճումներուն ու յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:
Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց բարի մաղթանքներուն համար, գնահատանքով արտայայուեցաւ տնօրէնուհիին եւ Ուսումնական Մարմինի աշխատանքներուն մասին, որոնք կը միտին հայակերտումի ու մարդակերտումի, ինչպէս նաեւ վարժարանի վիճակի հետեւողական բարելաւման:
Տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում: