Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.
buy albuterol generic https://buyinfoblo.com/albuterol.html over the counter
Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 20րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 28 Յունիս 2015ին, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի, Հայրապետական Մաղթանք պիտի կատարուի Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, պիտի նախագահէ Հայրապետական Մաղթանքի արարողութեան եւ իր պատգամի ընդմէջէն վեր պիտի առնէ 20ամեայ գահակալութեան տարիներուն՝ Ն. Ս. Օծութեան իրագործումները մեր եկեղեցւոյ, ազգին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին պայծառութեան, վերելքին եւ շինութեան ի խնդիր։
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները խուռներամ ուղղուելու մեր եկեղեցիները եւ աղօթք բարձրացնելու Կիլիկեան Ս. Աթոռի անսասանութեան եւ անոր ազգընտիր Գահակալին քաջառողջութեան ու երկար գահակալութեան համար։