Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինութեամբ, այս Կիրակի, 12 Օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով Ս. Պատարագի ընթացքին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ »Տէր Ողորմեա«ի յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի Սուրիոյ խաղաղութեան ու գաղութի հայութեան ապահովութեան համար։
Ինչպէս ծանօթ է, Սուրիոյ իրադարձութիւնները ու յատկապէս Դամասկոսի ու Հալէպի վիճակը դէպի վատթարացում ընթացան վերջին շաբաթներուն, եւ ընդհանուր բնակչութիւնը պատուհասելու առընթեր, մարդային ու նիւթական ծանր հետեւանքներ ունեցան նաեւ հայ համայնքի զաւակներուն վրայ։
Արդ, կոչ կþուղղենք մեր ժողովուրդին, որ այս աղօթքին մասնակցելով՝ զօրակցութիւն արտայայտէ Սուրիոյ մեր գաղութի զաւակներուն։ Յառաջիկայ օրերուն, կը նախատեսուին զօրակցական այլ նախաձեռնութիւններ, որոնց մասին մեր հաւատացեալ ժողովուրդը տեղեակ կը պահենք ատենին։
Կը հրաւիրենք մեր Թեմի ժողովուրդը, որ Կիրակի օր եկեղեցի երթալով՝ աղօթակցութեամբ խնդրամատոյց ըլլայ Բարձեալին, ի խնդիր Սուրիոյ ու հայութեան տագնապներուն փարատումին։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ