Միացեալ Նահանգներու մէջ Մայիսի առաջին Հինգշաբթին հռչակուած է Աղօթքի Օր։ Այս առիթով, բոլոր շրջաններուն մէջ տեղի կ’ունեցան յատուկ արարողութիւններ։
Համաձայն այս աւանդութեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի եւ տիկինը՝ Էյմի Ուէյքլընտ Հինգշաբթի, 3 Մայիս 2018-ին, իրենց բնակարանին՝ «Կեթի Հաուս»ին մէջ հիւրընկալեցին միջ-կրօնական հանդիպում մը։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան եւ Բարշ. Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեան մասնակցեցան ձեռնարկին։
Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին քաղաքապետն ու տիկինը, աղօթք բարձրացուեցաւ քաղաքի վարչական պատասխանատուներուն, անտունիներուն եւ բոլոր համայնքներու զաւակներուն համար։ Տեղի ունեցաւ խորհրդածութիւն, իբրեւ բնաբան ունենալով «Հաւատքի ճամբով կամուրջներ կերտել» նիւթը։