Ազգային Վարժարաններու եւ Մանկամսուրներու Ամավերջի Հանդէսները


Յունիսի այս օրերուն, Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող մեր ազգային վարժարաններն ու մանկամսուրները կ’ունենան իրենց ամավերջի հանդէսները եւ կը ստանան իրենց վկայականները: Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան անձամբ եւ կամ ներկայացուցիչով, ներկայ եղաւ հանդիսութիւններուն։

Ռ. ԵՒ Ա. ՓԻԼԻՊՈՍ ԵՐԿՐԴ. ՎԱՐԺԱՐԱՆ Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Երկրդ. Վարժարանը իր 2016-17 տարեշրջանի շրջանաւարտներու հունձքը տուաւ Կիրակի, 4 Յունիսին, վարժարանի մարզարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեամբ մը: Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, Ազգային Վարչութեան անդամներէն Դոկտ. Գալուստ Յակոբեան, Խնամակալ Մարմինի, Հոգաբարձութեան, դպրոցի ուսումնական մարմինի, շրջանի միութեանց անդամներ ու բարերարներ։

Հանդիսավարն էր Օր. Սեւան Շերիքեան։ Խօսք առին վարժարանի տնօրէնուհին՝ Դոկտ. Ալինէ Տորեան, Խնամակալ Մարմինի ներկայացուցիչ Տիկին Լենա Գորթոշեան, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ։ Արժանաւոր աշակերտներ արժանացան մրցանակներու եւ նուէրներու։ Իբրեւ գլխաւոր բանախօս հրաւիրուած էր 2010ի շրջանաւարտներէն Ալիք Շերիքեան։ Շրջանաւարտներ արտասանեցին ուղերձներ, իսկ անոնց իր վերջին սրտի խօսքը ուղղեց Տնօրէնուհին. ապա տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխումը։

Շրջանաւարտներուն ուղղուած իր օրհնութեան խօսքի ու պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ Հայ Դպրոցին առաքելութիւնն ու դերը, շեշտելով, որ Հայ Դպրոցը աշակերտներու հոգեմտաւոր աճումին կողքին կը ջամբէ ազգային, բարոյական եւ հոգեւոր արժէքներ, ինչ որ այլուր կարելի չէ գտնել։ Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց աշակերտներուն ուղերձներն ու անոնց անկեղծ արտայայտութիւնները, ու մէջբերելով աշակերտներէն մէկուն ուղերձին այն բաժինը, որ կ’ակնարկէր Քրիստոսի խօսքին՝ «Խնդրեցէք Աստուծմէ եւ պիտի տայ ձեզի, փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք, բախեցէ՛ք եւ պիտի բացուի ձեզի» (Մատթ. 7։7), աշակերտները յորդորեց Աստուծմէ խնդրելու իմաստութիւն, հետամուտ ըլլալու հոգեւոր ու ազգային արժէքներու, մեր եկեղեցւոյ սրբութիւններով ու ժառանգութիւններով հարստացնելու իրենց միտքերը, եւ մասնագիտութեամբ զինուած բախեն դուռները, որոնք վստահաբար պիտի բացուին։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ Տնօրէնուհիին, դաստիարակներուն եւ ուսուցչական կազմի անդուլ աշխատանքին մասին եւ օրհնութեամբ փակեց հանդիսութիւնը։

ԹԻՒՖԷՆՔԵԱՆ ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐ Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 6 Յունիսի երեկոյեան, Կլենտէյլի հանրային երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան։ Ներկայ էին Հայաստանի Հիւպատոսարանի, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, վարժարանի Ուսումնական Մարմինի ներկայացուցիչները եւ ծնողներ։ Հիւրերու շարքին էին վարժարանի բարերարները՝ Տէր եւ Տիկին Ռալֆ եւ Սաւի Թիւֆէնքեան։

Բացման աղօթքը կատարեց Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան: Շրջանաւարտներուն շնորհաւորանքի ու բարի երթի մաղթանք կատարեց վարիչուհին՝ Տիկին Արսինէ Աղազարեան։ Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ ծնողա-օժանդակ մարմինին։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց վարժարանի Ուսումնական Մարմինի ներկայացուցիչ Տիկին Նորա Քէլէշեան։ Աշակերտները, իրենց ուսուցչուհիին՝ Տիկին Անի Յովակիմեանի ղեկավարութեամբ, երգերով եւ պարերով ներկայացուցին «Հայաստանի Գարնանային Տօներ»ը՝ Համբարձում, Զատիկ եւ այլն, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ: Յայտագիրը արտացոլացումն էր վարժարանի յարկին տակ իրենց ստացած հայեցի դաստիարակութեան։ Յայտագիրը շարունակուեցաւ երգերով եւ արտասանութիւններով։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորանքի ու գնահատանքի խօսք ուղղեց աշակերտներուն ու ծնողներուն, որոնք Հայ Դպրոցին վստահած են իրենց զաւակներուն հոգեմտաւոր կրթութիւնը։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ տնօրէնուհիին ու դաստիարակներուն նուիրեալ աշխատանքին մասին, ողջունեց ներկայութիւնը բարերար ամոլին, որ վարժարանի հիմնադրութենէն ի վեր եւ իւրաքանչիւր նոր նուաճումի հանգրուանին կը կանգնի այս ուսումնարանին կողքին։

Վկայականներու բաշխումէն ետք, աշակերտները երգեցին աւանդութիւն դարձած «Մնաս բարով Մանկապարտէզ» երգը:

Վ. ԵՒ Ա. ՇԱՄԼԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի 6րդ եւ 8րդ կարգի հանդէսները տեղի ունեցան Հինգշաբթի, 8 Յունիսի յետմիջօրէին, Կլենտէյլի հանրային երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ:

Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ 8րդ կարգի հանդէսին եւ փոխանցեց իր շնորհաւորանքի եւ օրհնութեան խօսքը։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան։ Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամներէն Տիկին Էլօ Պոյաճեան, Խնամակալ Մարմինի, Հոգաբարձութեան, դպրոցի ուսումնական մարմինի անդամներ եւ այլ հիւրեր։ Միջնակարգի բաժինը ունեցաւ 76 շրջանաւարտ։

Հանդիսավարութիւնը կատարեցին Օր. Անի Պէրպէրեան եւ Դոկտ. Արմիկ Փանոսեան։ Գնահատանքի արժանացան յաջողակ աշակերտներ ու անձնակազմի անդամներէն բազմամեայ ծառայողներ։ Խօսք առաւ տնօրէնուհին՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, որ աշակերտներուն թելադրեց իրենց հոգիներուն մէջ ամուր պահել այս վարժարանէն իրենց ստացած հոգեմտաւոր աւանդները։ Ուղերձներ արտասանեցին 12 աշակերտներ, որոնք արտայայտուեցան վարժարանէն իրենց տպաւորութիւններուն մասին եւ խոստացան իրենց երթը շարունակել յարատեւ աշխատանքով։ Իբրեւ բանախօս հրաւիրուած էր վարժարանի 1993ի շրջանաւարտներէն Պրն. Հրաչ Թիթիզեան։ Ան շեշտեց, որ իւրաքանչիւր անհատ տարբեր շնորհքներ կը վայելէ Աստուծմէ, բայց հաւասարապէս ունի 24 ժամ, զոր պէտք է օգտագործել լաւագոյն ձեւով։

Տնօրէնուհիին հետ միասին վկայականներու բաշխումէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը շրջանաւարտներուն ուղղեց իր հայրական պատգամը։ Ան նշեց, որ այս օրը հոգեկան ցնծութեան եւ հպարտութեան առիթ է բոլորիս համար, ի տես մեծ թիւով շրջանաւարտներուն։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ ծնողներուն, տնօրէնութեան եւ դաստիարակներուն մասին, որոնք աշխատեցան եւ իրենց լաւագոյնը տուին աշակերտներուն կերտման եւ ապագային համար։ Ան աշակերտները յորդորեց չխզուիլ ուսումնական այս յարկէն, այլ ապագային վերադառնան ծառայելու անոր՝ իբրեւ ուսուցիչ կամ կամաւոր ծառայող, ապա նաեւ իրենց ապագայ կեանքին համար կատարեն ճիշդ եւ օգտակար ընտրութիւններ։ Ան աշակերտները խրախուսեց ըլլալու ժրաջան, մտածելու եւ գործելու բարին, տալու լաւագոյնը։

Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԱԶԳ. ՖԵՐԱՀԵԱՆ ԵՐԿՐԴ. ՎԱՐԺԱՐԱՆ Ազգ. Ֆերահեան Երկրդ. Վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 10 Յունիսի յետմիջօրէին, «Աւետիսեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որուն կ’ընկերանար Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։ Ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեան, Խնամակալ եւ Ուսումնական մարմիններու, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ու շրջանի կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչները։ Վարժարանը այս տարի ունէր 30 շրջանաւարտ։ Դաստիարակներուն վկայութեամբ, այս սերունդը իր ընթացքը ամբողջացուցած է բացառիկ յաջողութեամբ եւ շատեր ընդունուած են լաւագոյն համալսարաններ։

Բացման աղօթքը կատարեց Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։ Հանդիսավարութիւնը կատարեցին Տիկնայք Յասմիկ Ռոստամեան եւ Թալին Ճանեցեան։ Խնամակալ Մարմինին անունով խօսք առաւ Դոկտ. Յասմիկ Պարան, վարժարանի Ուսումնական Մարմինին անունով՝ Տիար Վահէ Պէնլեան, իսկ գլխաւոր բանախօսն էր իրաւաբան Քրիս Քէօսեան։ Շրջանաւարտները երախտիք արտայայտեցին իրենց միտքն ու հոգին կերտած ուսումնական այս յարկին եւ խոստացան մնալ աւանդապահները իրենց ստացած հարստութեանց։ Տեղի ունեցաւ յաջողակ աշակերտներու մրցանակներու բաշխումը։

Վարժարանի տնօրէնուհիին՝ Տիկին Սօսի Շանլեանի հետ միասին վկայականներու բաշխումը կատարելէ առաջ, Առաջնորդ Սրբազանը պատգամ մը ուղղեց շրջանաւարտներուն։ Ան առաջին հերթին գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ եւ շնորհաւորեց ծնողները, որոնց համար, իրենց զաւակները աստուածային պարգեւներ ու հրաշք են միաժամանակ։ Ան յայտնեց, որ աշակերտներուն արձանագրած յաջողութիւնը ուրախութիւն կը պատճառէ Կրօնական Ժողովին, Ազգային Վարչութեան, Խնամակալ եւ Ուսումնական Մարմիններուն, բայց մանաւանդ ծնողներուն, որոնք մեծ զոհաբերութեամբ հոգացած են իրենց զաւակներուն աճումը։ Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց նաեւ դաստիարակներուն ու գնահատեց անոնց աշխատանքն ու հոգածու վերաբերմունքը, ապա, խօսքը աշակերտներուն ուղղելով՝ ուրախութիւն յայտնեց անոնց տուած խոստումներուն համար, նշելով, որ այս վարժարանին ընթացքը աւարտելէ ետք, անոնք պիտի գտնուին նոր հորիզոններու առջեւ, ու մաղթեց, որ որդեգրեն բարին խօսելու, բարին խորհելու եւ բարին գործելու ուղին, տէրը մնան ազգային կեանքի մէջ պատասխանատուութիւն յանձն առնելու իրենց խոստումին, գործեն հաւատքով, կապուած մնան այս վարժարանին եւ, ինչպէս ծնողներէն շատեր՝ օր մըն ալ վերադառնան իբրեւ ծնողներ։

Անդրադառնալով մրցանակներու արժանացող մեծաթիւ աշակերտներուն՝ նշեց, որ այդ մրցանակներուն արժանացողը նոյնինքն ծնողներն են։ Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը աշակերտները յորդորեց յարատեւօրէն հարստացնելու իրենց գիտելիքները, դիմագրաւելու կեանքի մարտահրաւէրները, իրենց կեանքը կերտելու Աստուծոյ խօսքին համաձայն, հեռու մնալ վտանգներէ եւ, ընտրելով օգտակարը՝ պատիւ բերել ծնողներուն ու ազգին։

ԱԶԳ. ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի շրջանաւարտից հանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 11 Յունիսի յետմիջօրէին, վարժարանի յարկին տակ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին, որուն կ’ընկերանային Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիար Անդրանիկ Գասպարեան։

Բացման աղօթքը կատարեց Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Հոգեւոր Տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։ Շրջանաւարտներու ներկայացուցիչները արտասանեցին ուղերձներ եւ սրտի ու երախտիքի խօսքեր։ Իբրեւ գլխաւոր բանախօս՝ հրաւիրուած էր վարժարանի 1992ի շրջանաւարտներէն Ռիչըրտ Էլտըն, որմէ ետք խօսք առաւ վարժարանին տնօրէնը՝ Տիար Դաւիթ Ղուկասեան։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Տնօրէնին, դաստիարակներուն եւ ուսուցչական կազմի անխոնջ աշխատանքը, ոյժ եւ կորով մաղթեց անոնց, ապա, վեր առնելով Վարժարանի նշանաբանը, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ Հայ Վարժարանին պարտականութիւնն է կառչած մնալ հայկական աւանդութիւններուն, սակայն վերակենսաւորելով զանոնք կեանքի պահանջներուն ու նորարարութիւններուն հետ՝ հասնելու համար կատարելութեան։ Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յորդորեց աշակերտները, որպէսզի իրենց յոյսը դնեն Աստուծոյ վրայ եւ բնաւ չդադրին սորվելէ, ուսումնասիրելէ, եւ գիտութեամբ աճելէ՝ ձգտելու համար լաւագոյնին։

Յայտնենք, որ յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, հոգեւոր հովիւներ ներկայ գտնուեցան մեր վարժարաններու հանդիսութիւններու եւ փոխանցեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնները։ ՀՕՄ-ի Մայր Մասնաճիւղի «Մարի Փոստոյեան» մանկամսուրի հանդէսը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 2 Յունիսին, Լ. եւ Յ. Թաւլեան Մանկամսուր–Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 3 Յունիսին, Ս. Նահատակաց «Մարի Գապայեան» նախակրթարանի, Հ.Օ.Մ-ի «Աշխէն Փիլաւճեան» Մանկամսուրի եւ Արի Կիրակոս-Մինասեան Վարժարանի ամավերջի հանդէսները տեղի ունեցան Կիրակի, 4 Յունիսին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ազգ. Քռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Վարժարանի 8-րդ կարգի վկայականաց բաշխումի հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 10 Յունիսին, եւ Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի 8-րդ կարգի հանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 11 Յունիսին։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022