Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Նաւասսարդեան 40րդ Խաղերու Փակման Հանդիսութիւն


Անցեալ շաբաթավերջին, Պըրմինկհէմ Հայ Սքուլի համալիրին մէջ տեղի ունեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի 40րդ Նաւասարդեան մարզախաղերն ու փառատօնը։ Կիրակի, 5 Յուլիս 2015ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ մարզախաղերու փակման հանդիսութեան ու տողանցքին եւ փոխանցեց իր պատգամն ու օրհնութիւնները։

Առաջնորդ Սրբազանը հոգեկան ցնծութեամբ ողջունեց փառատօնին մասնակիցները եւ ըսաւ. «Կարելի՞ է չխանդավառուիլ ու ցնծութեան յուզում չապրիլ, ի տես այս փառատօնին, որուն տարուէ տարի կը միանան նորափթիթ մանուկներ ու պատանիներ, ստուարացնելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերը: Հայկական Եռագոյնին եւ մեզ հիւրընկալող ամերիկեան հայրենիքին դրօշներով առաջնորդուող տողանցքով, իւրաքանչիւր մասնաճիւղի դրօշին ծածանումով, անգամ մը եւս պիտի ապրինք մեր մարզիկներուն յաղթանակներուն առթած ցնծութիւնը: Այս մթնոլորտին ներշնչած ցնծութեան զգացումով է որ սա պահուն կ’ողջունեմ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական, Շրջանային ու մասնաճիւղերու պատասխանատուները, սկաուտապետներն ու մարզիչները, որոնք, վստահ եմ, վաղն իսկ վերստին գործի պիտի անցնին, 41րդ Նաւասարդեանները կազմակերպելու եւ աւելի՛ փառայեղ տողանցներ ու մարզախաղեր կազմակերպելու նախանձախնդրութեամբ»:

Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ այն իրողութեան որ այս տարուան խաղերը կը զուգադիպին Ցեղասպանութեան 100ամեակին. «Ոչ մէկ կասկած, որ Հ.Մ.Ը.Մական իւրաքանչիւր պատասխանատու, սկաուտ, արենոյշ, այս խաղերուն իր մասնակցութիւնը բերող մէն մի մարզիկ, նաեւ հոս համախմբուած գիտակից բազմութիւնն ու այս նախաձեռնութեան հետեւողները վերահաստատեցին «Նահատակ ցեղի անմահներ»ուն կտակին հաւատարմութիւնը, վերանորոգեցին յաղթական երթը «Կը յիշեմ ու Կը պահանջեմ» կամքով շարունակելու ուխտը», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ աւելցուց. «Ահա թէ ինչո՛ւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական հերոսներուն եւ ախոյեաններուն այս տարուան տողանցքն ու յաղթանակները տարբեր հմայք պիտի ունենան: Փաստօրէն, անոնք կը մարմնաւորեն Ցեղասպանին դարաւոր ոճիրին հետեւանքներէն վերականգնելու հայութեան անխախտ հաւատքն ու տոկուն կամքը, նուաճումները, եւ պահանջատիրութիւնը աննահանջ շարունակելու խոստումը, այնպէս, ինչպէս եղաւ Ապրիլ 24ին, երբ բիւրաւոր հայորդիներ տողանցեցին Հոլիվուտի փողոցներէն եւ հայութեան պահանջատիրութեան եւ արդարութեան ձայնը հասցուցին թրքական հիւպատոսարան»:

Իր խօսքին վերջին բաժինով, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին դիմաց բացուող հորիզոններուն, ըսելով. «40րդ Նաւասարդեանէն ու Ցեղասպանութեան 100ամեակէն անդին, Հ.Մ.Ը.Մ.ին դիմաց եւս նոր հորիզոններ կը բացուին: Այս հանգրուանային տարին Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար եւս պէտք է դառնայ ու պիտի՛ դառնայ նոր մեկնակէտ՝ հայակերտումի եւ հայրենանուիրումի գործին, որոնց տարբեր արտայայտութիւներուն ականատես ենք Հայաստանի եւ սփիւռքեան օճախներու մէջ: Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծառայութեան անդաստանին մէջ է որ հայ պատանին ու երիտասարդը իրենց էութեան մէջ կը ներգրաւեն «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանախօսքին խորհուրդը, հա՛յօրէն ապրելու եւ հայութեան պարծա՛նք բերելու տրամադրութեամբ ու նուիրումով կը հարստացնեն իրենց հայկական կեանքը«: Ան իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով, որ «Թող Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգին «Կատարն հայրենի լերանց հեռագոյն, երթանք կոթողել դրօշն եռագոյն» բառերը իմաստաւորուին բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն ու անոնց բարձրացուցած դրօշին նայող հայորդիներու կեանքին ու կամքին մէջ, որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ.ը շարունակէ «Յառաջ անսասան, յառաջ անվեհեր, Դէպի յաղթանակ, յաղթանակ» վազքը»:

Ուրբաթ, 3 Յուլիսի երեկոյեան, Beverly Hilton պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեաններու Յաղթանակի Պարահանդէսը։ Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց բացման աղօթքը եւ փոխանցեց իր օրհնութեան խօսքն ու բարեմաղթութիւնները: Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական, Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններն ու գործակիցները, որոնք միացեալ ձեռքերով իրականացուցին 40րդ Նաւասարդեանները, գեղեցիկ էջ մը աւելցնելով մարզական փառատօներու պատմութեան մէջ: Ան նաեւ օրհնեց վաստակը այս տարուան բարերարներուն՝ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանի, «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական»ի պատիւին արժանացած Տիար Ժիրայր Սարգիսեանի եւ բոլոր բարերարներուն ու բարեկամներուն, որոնց տասնամեակներու նուիրումին իբրեւ արդիւնք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական եւ սկաուտական կեանքները տարուէ տարի նոր ծաղկում կ’ապրին:

Յիշեցնենք նաեւ, որ Հինգշաբթի, 2 Յուլիսի յետմիջօրէին, փառատօնին բացման օրը, Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց կրպակները ու գնահատանք արձանագրեց այս փառատօնին կազմակերպիչներուն ու մասնակիցներուն:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022