Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան Նորընտիր Կազմի Ներկայացուցիչները


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 27 Յունուար 2015ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի “Սիւլահեան” դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան նորընտիր կազմի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ ատենապետին՝ Տիար Մանուէլ Մարսէլեանի: Ներկայ եղան նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն Տեարք Վիգէն Դաւիթեան եւ Յակոբ Թիւֆէնքճեան:

Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ներկայացուցիչները, շնորհաւորեց վարչութեան նոր կազմը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր սերնդակերտ աշխատանքին:

Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու Ազգային Առաջնորդարանին հետ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործակցութեան ծրագիրներուն մասին, որոնք տարիներու աւանդութիւն ունին: Նկատի առնուեցան Տեառնընդառաջի տօնակատարութիւնն ու այդ առիթով սկաուտական կազմին հետ Առաջնորդ Սրբազանին հանդիպումը, սկաուտական շքանշանի դաստիարակչական ծրագիրը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հանգուցեալներու յիշատակման արարողութիւնը, որ կը նշուի Նոյեմբերին:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայացուցիչները Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրեցին միջ-դպրոցական մարզախաղերուն փակման ու Նաւասարդեան 40րդ խաղերու բացման հանդիսութիւններուն, որոնք նախատեսուած են Մարտ 15ին, նաեւ՝ Նաւասարդեանի պարահանդէսին ու փակման փառատօնին ու տողանցքին՝ Յուլիս 4ին եւ 5ին:

Վերոյիշեալ աշխատանքերուն համար, արդէն իսկ ընթացք առած աշխատանքներուն գծով հաղորդակցութիւններն ու գործակցութիւնը պիտի շարունակուին ըստ ճշդուած ժամանակացոյցերուն:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022