Ուսումնական 2012-2013 տարեշրջանի վերամուտի օրերուն, եւ յաջորդաբար երկրորդ շաբաթն ըլլալով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելութիւններ տուաւ Ազգային վարժարաններ եւ մանկամսուրներ, փոխանցելու իր օրհնութիւններն ու յորդորները։
Երկուշաբթի, 20 Օգոստոսին, Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց Ֆերահեան Ազգ. վարժարանի զոյգ համալիրները եւ իր օրհնութեամբ բացումը կատարեց ուսումնական տարեշրջանին։
Վարժարանի տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան եւ ուսուցչակազմին կողքին, »Աւետիսեան« սրահ ժամանած էին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան, Ազգային Վարչութեան անդամ Թորոս Քէչէճեան, Խնամակալ Մարմնի անդամ Քրիս Քէօսեան, դպրոցի Ուսումնական Մարմինի անդամներ, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Ծերոն Թիթիզեան եւ անդամներ, շրջանի միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր:
Բացման աղօթքը կատարեց Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան։ Կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որմէ ետք խօսք առաւ վարժարանին տնօրէնը՝ Տիար Ժան Գոսագեան։ Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ծնողներուն ու անձնակազմին, եւ աշակերտներուն մաղթեց յաջող տարի մը։
Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեամբ եւ յաջողութեան մաղթանքներով սկիզբ առաւ 2012-2013 կրթական տարեշրջանը։ Ան առաջին հերթին փառք եւ գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ, որ նոր տարի մը պարգեւած է սերունդներու հոգեկան հարստացման գործին համար, վեր առնելով Հայ Դպրոցին դերն ու առաքելութիւնը՝ հայ նորահաս սերունդներուն մէջ հայկականութիւն, հայ մշակոյթ ու ոգի արմատաւորելու իմաստով, յատկապէս՝ նորահաս սերունդին, որմէ պիտի ծնին մեր ապագայի ղեկավարներն ու առաջնորդները։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ 2012ը Հայ Գիրքի Տարի հռչակելու Վեհափառ հայրապետի կոչին եւ յորդորեց դաստիարակները, ծնողներն ու երէց սերունդի ներկայացուցիչները, որպէսզի մեր մանուկներուն ու պատանիներուն ներարկեն հայ գիրքին կարեւորութիւնն ու դերը՝ իրենց կեանքին ու ազգային ապրումներու աճումին մէջ։ Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի օրհնէ մեր դպրոցները, դաստիարակները, աշակերտներն ու անոնց ծնողները, ընձեռելով նոր սերունդներու հոգեւոր ու մտային հարստացման կարելիութիւնները։
Աւելի ուշ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, վարժարանի տնօրէնն ու պատասխանատուները, ուղղուեցան Ս. Նահատակաց Մարի Գապայեան Նախակրթարան, Նորթ Հիլզի համալիրը, ուր նոյնպէս կատարուեցաւ վերամուտի յատուկ արարողութիւն։ Բարի գալուստի խօսք արտասանեց տնօրէնի օգնական Տիար Դրօ Չէքիճեան։ Սրտի խօսք արտասանեց տնօրէնը եւ իր օրհնութեան խօսքը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանը։
Ուրբաթ, 24 Օգոստոսը, վերամուտ էր Փասատինայի Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Ազգ. Մանկամսուր Մանկապարտէզի աշակերտներուն։
Դեռատի մանուկները, իրենց ծնողներուն առաջնորդութեամբ ու անոնց գիրկին մէջ, մասնակից եղան վերամուտի կարճատեւ արարողութեան։
Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց Թաւլեան մանկամսուր եւ պաշտօնական բացումը կատարեց ուսումնական տարուան։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կþընկերանար Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պապօշեան։ Ներկայ էին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ու տիկնանց միութեան ներկայացուցիչներ, վարժարանի կնքամայրեր եւ այլ հիւրեր։
Տէր Հօր բացման աղօթքէն ետք, հրաւիրուեցաւ Առաջնորդ Սրբազանը փոխանցելու իր օրհնութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքները։
Տնօրէնուհին՝ Տիկին Հելէն Մանուչարեան, ողջունեց մանուկներն ու ծնողները, ապա բոլոր հիւրերը հրաւիրեց հիւրասիրութեան։