Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 15 Մայիս 2015ի երեկոյեան, “Շերաթըն Եունիվըրսըլ” պանդոկին մէջ ներկայ եղաւ ՀՕՄ-ի տարեկան ճաշկերոյթ-ընդունելութեան եւ աղօթքով կատարեց ձեռնարկին բացումը։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան։ Գլխաւոր բանախօսն էր “Սիվիլնէթ”ի գործադիր խմբագիր Մարիա Թիթիզեան:
Իր օրհնութեան խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց ՀՕՄի անդամները, որոնք իրենց թանկագին ժամանակը, ճիգերն ու կարելիութիւնները ի սպաս կը դնեն անձնականէ վեր ծառայութեան մը, օգտակար հանդիսանալու համար Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի, ինչպէս նաեւ ամբողջ Սփիւռքի տարածքին իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն բարօրութեան։ Ան մասնաւորաբար յիշատակեց ՀՕՄի կամաւորներուն այն զոհաբերութիւնները, որոնք տրամադրուեցան 1915ի Ցեղասպանութենէն փրկուած որբերուն ու վերապրողներուն։
Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ գնահատեց եւ օրհնեց վաստակը այս ձեռնարկին առիթով մեծարանքի արժանացող Հայկուհի Քոհլըրի, որ ՀՕՄականի իր ուխտին հաւատարիմ մնալով, տասնամեակներ շարունակ իբրեւ “լոյսի բանակի անդամ եւ գթութեան խաչուհի” ծառայած է այս կազմակերպութեան ճամբով, դառնալով անոր մէկ ջահակիրը։ Ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ օրհնէ նուիրաբերումն ու վաստակը ազնիւ հայուհիին եւ բոլոր ՀՕՄականներուն, որոնք ամենայն պատրաստակամութեամբ ընդառաջ կ’երթան մեր ժողովուրդին կարիքներու բաւարարման գործին, կը կանգնին ազգային պարտականութեան յառաջապահի դիրքերու վրայ եւ լաւագոյնը կ’ընեն նմաններու բարօրութեան ի խնդիր։ Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ ՀՕՄի բարերարներուն, զօրակիցներուն ու բարեկամներուն նուիրաբերումին մասին։