Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Շաբաթ, 25 Յունիս 2016ի երեկոյեան, «Եունիվըրսըլ Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ ներկայ եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 41րդ խաղերուն առիթով կազմակերպուած «Յաղթանակի Պարահանդէս»ին ու կատարեց բացման աղօթքը: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան:
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանք արձանագրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական ու Արեւմտեան Շրջանի վարչութեանց, ինչպէս նաեւ անոնց հովանիին տակ գործող մասնաճիւղերու ու միաւորներու նուիրեալ անդամներուն, ընդգծելով, որ անոնք միասնաբար կը գործեն եղբայրական սիրոյ մթնոլորտին մէջ, սիրտով ու հոգիով լծուած են նոր սերունդի դաստիարակութեան գործին, որպէսզի պատանին ու երիտասարդը առաջնորդեն ըլլալու ընկերութեան տիպար անդամներ, հաւատարիմ աւանդապահները մեր մշակոյթին եւ ազգային ժառանգութեանց: Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց այս տարուան խաղերուն պատուոյ նախագահը՝ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Տէր եւ Տիկին Խաչօ եւ Արաքսի Աչաճեան ամոլը, բարձր գնահատեց անոնց ազգանուէր ծառայութիւնները, դրուատիքով անդրադարձաւ Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատիւին արժանացած Տիար Գրիգոր Մկըրեանի մասին եւ օրհնեց բարերարներն ու ներկաները: