Ուսուցիչներու Վերաորակաւորման Տարեկան Համագումար

Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Թեմիս Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը այս տարի եւս կազմակերպեց ուսուցիչներու վերաորակաւորման համագումար մը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 28 Հոկտեմբերին, Նորթրիճի համալսարանին մէջ, հիւրընկալութեամբ համալսարանի հայագիտական բաժանմունքին։ Օրուան վրայ երկարող համագումարին մասնակից եղան հայկական վարժարաններէ աւելի քան 400 ուսուցիչ։ Գլխաւոր բանախօսն էր Լոս Անճելըսի հանրային վարժարաններու համակարգի պատասխանատուներէն Վիվիան Էքճեան, իբրեւ դասախօս հրաւիրուած էին նաեւ տարբեր մարզերու եւ դասանիւթերու մասնագէտներ։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանին, ներկայ եղաւ համագումարի բացման եւ ուղղեց իր պատգամը։ Ներկայ էր նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Դոկտ. Գալուստ Յակոբեան։

Ան նկատել տուաւ, որ արագօրէն զարգացող աշխարհը կը հարկադրէ քայլ պահել նորութիւններու հետ։ Սա ճշմարտութիւն է մասնաւորաբար ուսուցչական-դաստիարակչական ասպարէզին լծուած նուիրեալներուն համար, որովհետեւ ուսուցիչը խորքին մէջ առաջին մղումը կու տայ ամէն տեսակի զարգացման եւ կը նպաստէ լաւ աշակերտներու կազմաւորման։

Ան բարձր գնահատեց Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը, որ կը պահպանէ նուիրեալ դաստիարակները վերակենսաւորելու ձգտող տարեկան այս համագումարներուն աւանդութիւնը, որպէսզի մեր ուսուցիչները նորանոր գիտելիքներով ու փորձառութեամբ շարունակեն նոր սերունդներու հոգեմտաւոր դաստիարակութեան առաքելութիւնը՝ մշակելու անոնց սիրտն ու հոգին, անոնց մէջ արմատաւորելու հոգեւոր ու ազգային արժէքներ։ Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութիւն յայտնեց, որ համագումարը տեղի կ’ունենայ Հոկտեմբերին, որ հայութեան համար Մշակոյթի ամիս է, երբ կ’ուխտենք մեր մշակութային ժառանգութիւններուն հաղորդ պահել մեր մատղաշ ու պատանի սերունդները։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022