Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, Շաբաթ, 12 Նոյեմբեր 2016ի երեկոյեան, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան կողմէ կազմակերպուած՝ «Հ.Մ.Ը.Մևի Օր»ուան երկրորդ տարեկան տօնախմբութեան առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ Պատուանշան»ով պարգեւատրեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը, մեր գաղութին իր մատուցած ծառայութեանց համար, յերախտագիտութիւն Սրբազան Հօր, որ միշտ սերտօրէն կը գործակցի Շրջանային Վարչութեան հետ եւ իր գլխաւորութեամբ է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական բաժանմունքը ունեցած է արի-արենոյշներու համար «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց», իսկ գայլիկ-արծուիկներու համար՝ «Գայլ Վահան» եւ «Ս. Վարդան» կրօնական շքանշանները: «Ծառայութեան Շքանշան» ստացան միութեան 15 մասնաճիւղերու նուիրեալներ:
Տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ «Արարատ» մասնաճիւղի «Բաղդասարեան-Շահինեան» սրահին մէջ, Կլենտէյլ։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Թեմիս հոգեւոր դասու անդամները. ներկայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական, Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութեանց ներկայացուցիչներ, Թեմիս Ազգային Վարչութեան անդամներ, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ու հայկական միութեանց ու կազմակերպութեանց անդամներ եւ շուրջ 300 Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ ու բարեկամներ:
Տօնակատարութիւնը սկսաւ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քայլերգներով՝ կատարողութեամբ Իվանա Գրիգորեանի: Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը կատարեցին սեղաններու օրհնութիւնը: Հանդիսավարութիւնը կատարեցին Քրիսթին Տաշտեմիրեան եւ Շահան Աթմաճեան:
Ողջոյնի խօսք արտասանեց Շրջ. Վարչութեան փոխ ատենապետ Տիար Սարգիս Կարապետեան, որ ողջունեց ներկաները, շնորհաւորեց պարգեւատրեալները, ինչպէս նաեւ շնորհաւորութեան եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխատանքներուն զօրակցութեան համար:
Հանդիսավարը՝ Շահան Աթմաճեան, հակիրճ կերպով ներկայացուց Առաջնորդ Սրբազանին կենսագրականը եւ տասնամեակներու նուիրեալ ծառայութիւնը, ապա հրաւիրեց Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Վիգէն Դաւիթեանն ու Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեանը, որպէսզի կատարեն Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատուանշանի տուչութիւնը:
Շքանշանին ու պատուոյ գիրի ստանձնումէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը արտասանեց սրտի ու գնահատանքի իր խօսքը: Ան յայտնեց, որ այս օրը իրեն համար հոգեկան անխառն ցնծութեան եւ յուզումի պահ է, փառք տուաւ Աստուծոյ, որ ընծայած է այս յարկին տակ հաւաքաբար խմբուելու առիթը, վկայելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազգանուէր ու սերնդակերտ առաքելութիւնը: Ան ողջունեց բոլոր ներկաները՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքի անդամները, հոգեւոր դասը, Ազգ. Վարչութիւնը, կազմակերպութեանց ու միութեանց, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատուոյ նախագահները, ծխական շրջաններու ներկայացուցիչները, բարերարները, եւ շեշտեց, որ իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութեան հաւատացող մը, խոնարհաբար կ’ընդունի այս պատիւը: Ան շեշտեց, որ «հայ հոգեւորականը իր ծառայութիւնը կը կերտէ առանց ակնկալութիւններու, առանց փառք ու պատիւի հետամուտ ըլլալու», որովհետեւ կը հաւատայ, որ «Բարձրեալն Աստուած Ինք է պարգեւիչը բոլոր գնահատականներուն, շնորհքներուն եւ պատիւներուն, Ան է գերագոյն ու արդար դատաւորը իւրաքանչիւր մարդ արարածի, իւրաքանչիւր քրիստոնեայի՝ ըլլայ աշխարհական թէ հոգեւորական»: Ան այս առիթով գնահատանքի խօսք ուղղեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական, Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, «որոնք լծուած են մեր նոր սերունդները իբրեւ քրիստոնեայ հայ կերտելու վսեմ առաքելութեան», յիշեցնելով, որ «հիմնադիր սերունդէն ի վեր, բիւրաւոր հայորդիներ մուտք գործած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի սեմէն ներս, հասակ առած են անոր եռագոյնի շուքին տակ, տոգորուած ու դաստիարակուած «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանով, պատմութիւն կերտած են սերնդակերտումի ու հայակերտումի ճամբուն վրայ, յետոյ միացած այն պատմութեան, որ եղած է արգասիքը իրենց կեանքի վաստակին, դարձած է անգիր պատգամ»:
Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ մեր Թեմին մէջ անցեալ ամիս միասնաբար պատիւը ունեցանք հիւրընկալելու Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, որուն կեանքը եղած է ծառայութիւն մեր եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդին, գործնական մարմնաւորումը այն պատգամին, որուն ընդմէջէն, Վեհափառ Հայրապետը 2016 տարին հռչակած էր «Ծառայութեան Տարի»: Հ.Մ.Ը.Մ.ի այս ընտանիքը կարեւոր բաժին ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետի հիւրընկալման մէջ, կազմակերպելով երիտասարդներու հետ Նորին Ս. Օծութեան հանդիպումը: «Այս առիթով, կ’ուզեմ անգամ մը եւս գնահատել Շրջանային Վարչութիւնը, որ ճիգ չխնայեց ամբողջական յաջողութեամբ պսակելու այդ պատմական հանդիպումը», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը: Ու վեր առնելով Հ.Մ.Ը.Մի.ին ու անոր անդամներուն նուիրեալ ծառայութիւնը, յայտարարեց որ իրեն շնորհուած այս պատիւն ու շքանշանը կը ձօնէ բոլոր անձնդիր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն, հոգեւոր եղբայրներուն ու ազգի նուիրեալներուն:
«Ինչպէս գիտէք, շարունակեց Առաջնորդ Սրբազանը, վաղը, մեր եկեղեցիներուն մէջ յատուկ արարողութեամբ պիտի խոնարհինք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բոլոր ննջեցեալ ծառայողներու յիշատակին, սակայն պիտի չմոռնանք, որ անոնք մեզմէ բաժնուած են միայն ֆիզիքապէս, պիտի չմոռնանք, որ անոնք մեզի հետ են իրենց վաստակով, աշխատանքի արգասիքով ու իրենց կեանքի պատգամներով: Հիմնադիրներէն սկսեալ, ու անոնց բարձրացուցած դրօշը վեր պահող բոլոր սերունդները, նա՛եւ այսօրուան դրօշակիրները գիտեն, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մայրը Հայ Ժողովուրդն է, իսկ հայրենիքը ունի հօրենական դերակատարութիւն, հետեւաբար, բոլորս պարտինք անսալ մեր զոյգ ծնողներուն ժառանգութեան ու աւանդներուն, լծուիլ նոր սերունդներուն առողջ աճումին՝ ֆիզիքապէս, հոգեպէս ու մանաւանդ հա՛յօրէն»: Ան բարի երթ մաղթեց Հ.Մ.Ը.Մ.ին, Աստուծմէ խնդրեց, որ Իր Ս. Աջը հովանի պահէ մարզական այս միութեան աշխատանքի բոլոր անդաստաններուն վրայ, իբրեւ մէկ մանրակերտը ողջ հայութեան անդաստաններուն, եւ թող որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշը միշտ բարձր մնայ մեր Հայրենիքին ու արտերկրի օճախներուն վերեւ: «Նաեւ միասնաբար աղօթենք, որ Սուրիոյ ու մասնաւորաբար Հալէպի պէս օճախներ պատուհասող արհաւիրքները շուտով վերջ գտնեն ու Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր անփոխարինելի մասնակցութիւնը ունենայ հայկական այդ տան վերակերտումին մէջ, ինչպէս կ’ընէ Հայաստանի, Արցախի ու հայկական մէն մի օճախի մէջ, որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ.ի երթը խրոխտ ու յաղթական քայլերով շարունակուի ամէն օր, ինչպէս կ’ըլլայ Նաւասարդեաններուն ընթացքին, ու մեր քայլերը առաջնորդուին դէպի մեր հայրենական ու ազգային տենչերու իրականացումը», նշեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան իր խօսքը եզրափակեց անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնելով այս պատիւին համար եւ օրհնելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի նուիրեալ ծառայողները:
Տօնակատարութեան ընթացքին, նաեւ ցուցադրուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութիւնը պատկերող տեսաերիզ մը: Ապա, Շրջանային Վարչութիւնը «Ծառայութեան Շքանշան»ով պատուեց 15 մասնաճիւղերու ծառայող անդամներ, առ ի գնահատանք իրենց անսակարկ նուիրաբերումին:
Յայտագիրին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Կեդր. Վարչութեան անդամ Տիար Վիգէն Դաւիթեան. ան շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ ըսաւ, որ ան ըստ արժանւոյն կը գնահատուի իր բազմամեայ ծառայութեան համար, շնորհաւորանքի ու գնահատանքի խօսք ուղղեց նաեւ մասնաճիւղերու պարգեւատրեալներուն եւ կանգ առաւ նոր սերունդը հայկական արժէքներով տոգորելու առաջադրանքին վրայ: