ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՍԿՐԱԾՈՒԾԻ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 24 Յունուարի երեկոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի »Սիւլահեան« դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնադրամի վարչութեան ներկայացուցիչներուն, գլխաւորութեամբ Տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի։ Հանդիպումին ներկայ եղան Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Ռիմա Պօղոսեան։

Հ. Ո. Հիմնադրամի վարչութեան ներկայացուցիչները եկած էին ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով շնորհաւորութիւններ փոխանցելու Առաջնորդ Սրբազանին ու ժողովականութեան ներկայացուցիչներուն։ Հանդիպումը նաեւ առիթ եղաւ լուսաբանութիւններ տալու Հիմնադրամի ժողովրդանուէր աշխատանքի մարզերուն եւ իրագործուած ծրագիրներուն, ապա նաեւ, 2012 տարուան ընթացքին նախատեսուած աշխատանքներուն մասին։ Անոնք Առաջնորդ Սրբազանէն խնդրեցին, որ ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս, Ս. Յարութեան տօնի յաջորդ Կիրակին՝ Նոր Կիրակիի օրը, մեր եկեղեցիներուն մէջ այս Հիմնադրամի մարդասիրական առաքելութեան մասին խօսուի մեր եկեղեցիներուն մէջ եւ ժողովուրդին կոչ ուղղուի զօրակցելու, նաեւ առիթ տրուի Հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն, որպէսզի իրենց ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն մասին լուսաբանական եւ գործնական որոշ աշխատանք տանին մեր եկեղեցիներուն շրջափակին մէջ, բացատրելու համար մարդկային կեանքեր փրկելու կոչուած իրենց առաքելութիւնն ու կամաւորներու արձանագրումը։ Անոնք նաեւ յայտնեցին, թէ Հիմնադրամը որոշած է յառաջիկայ Հոկտեմբեր 20ին ունենալ իր հանգանակային քայլարշաւը։

Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց մարդասիրական այս կազմակերպութեան հայրենանուէր ու ազգանուէր ծառայութիւնները, յիշեցնելով, որ Ազգ. Առաջնորդարանը միշտ ալ զօրավիգ կանգնած Հ. Ո. Հիմնադրամին։ Ան դրուատիքով արտայայտուեցաւ Հիմնադրամի վարչութեան անդամներուն ու բոլոր ծառայողներուն եւ գործակցիներուն նուիրաբերումին մասին, յատկապէս՝ դժուար բուժելի հիւանդութեանց դարման ապահովելու անոնց ճիգերը։

Հրաժեշտի պահուն, Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց ներկայացուցիչներուն։

 

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022