Առաջնորդ Սրբազանը Մասնակցեցաւ «Ի Պաշտպանութեան Քրիստոնեաներու» Տարեկան Ձեռնարկին

Չորեքշաբթի, 23 Սեպտեմբեր 2020-ին, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ «Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու» կազմակերպութեան տարեկան ձեռնարկը, որ այս տարի «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով կատարուեցաւ առցանց։ Իւրաքանչիւր տարի տեղի ունեցող այս խորհրդաժողովը կը միախմբէ Միջին Արեւելքի սփիւռքի քրիստոնեաները, Միջին Արեւելքի եւ ամբողջ աշխարհի քրիստոնեայ եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները, Քոնկրէսի եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութեանց անդամները՝ զօրակցութիւն յայտնելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, որոնք շարունակ հալածանքի ու նեղութեան կþենթարկուին։ Նշենք, որ ձեռնարկի հովանաւորներէն էին Ազգային Առաջնորդարանն ու Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի Յանձնախումբը։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, որ կազմակերպութեան խորհրդատու մարմինի անդամ է, մասնակցեցաւ արարողութեան եւ ձայնագրուած տեսագրութեամբ համերաշխութեան եւ զօրակցութեան իր պատգամը յղեց։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը նշած էր, որ «Բոլոր այն դժուարութիւնները, որ քրիստոնեաները այսօր կը դիմագրաւեն, միայն չեն սահմանափակուիր Միջին Արեւելքի մէջ, այլ նաեւ տարածուած են տարբեր տարածաշրջաններէ ներս։ Օրըստօրէ սաստկացող թշնամանքները եւ քրիստոնեաներու նկատմամբ գործադրուած բռնութեան սարսափելի գործողութիւնները, որոնցմէ շատերը կարելի է որակել որպէս ցեղասպանութիւն, պատճառ դարձած են միլիոնաւոր մարդոց մահուան, բանտարկութեանց ու տառապանքներուն, շատերու արտագաղթին, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու եւ սրբավայրերու աւերածութեան։ Յատկապէս քրիստոնէութեան «ծննդավայր»ը հանդիսացող Միջին Արեւելքին մէջ, քրիստոնեաները դարեր շարունակ մշտապէս եղած են հասարակութեան գլխաւոր բաղադրիչներէն մին։ Որպէս հաւատքի եւ խղճի մարդիկ, չենք կրնար ձեռնածալ նստիլ, երբ միւս կողմէ մեր քոյրերն ու եղբայրները յարձակումներու, ճնշումներու եւ խտրականութեան կ՛ենթարկուին եւ իրենց պապենական հողերէն կ՛արտաքսուին»։

Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձած էր, որ հայ ժողովուրդը հարազատ կերպով կը հասկնայ Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող բոլոր իրադարձութիւնները։ «Մեր ողջ պատմութեան ընթացքին, մեր կրօնական ու ազգային ինքնութիւնը եւ գոյութիւնը բազմիցս սպառնալիքի տակ գտնուած են, որոնց գագաթնակէտը 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնն էր։ Հալածանքներու եւ տառապանքերու ընթացքին, մեր նախահայրերը իրենց հաւատքին ու յոյսին մէջ հաստատ մնացին եւ մենք դարձեալ յարութիւն առինք։ Կը հաւատամ, որ մեր քոյրերն ու եղբայրները Միջին Արեւելքի մէջ նոյնպէս յարութիւն պիտի առնեն՝ մեր հաւաքական աջակցութեամբ ու համերաշխութեամբ, մեր աղօթքներով ու օժանդակութեամբ», ընդգծած էր ան։

Իր պատգամի վերջին բաժնին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը գնահատած էր »Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու« կազմակերպութեան ղեկավարութիւնն ու անդամները, որոնք ոգի ի բռին լծուած են Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու իրաւունքները պաշտպանելու եւ անոնց հալածանքներուն վերջ տալու մարդասիրական առաքելութեան։ Ան աղօթք բարձրացուցած էր, որ Տէրը զիրենք առաջնորդէր իրենց այս առաքելութեան մէջ, ինչպէս նաեւ մեզ, որպէսզի բոլոր ժողովուրդները՝ ի՛նչ դաւանանքի ու հաւատքի կը պատկանին, ապրին փոխադարձ հասկացողութեամբ, սիրով ու յարգանքով։ Ան մասնաւորապէս յիշած էր Լիբանանի ժողովուրդը, որ անցնող տարուան ընթացքին անընդմէջ բազմապիսի վերիվայրումներու մատնուած էր եւ աղօթած էր այդ երկրի խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման համար։

https://www.youtube.com/watch?v=O8FuZUHLMzA

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022