Առաջնորդ Սրբազանը Շնորհաւորական Այցելութիւն մը Տուաւ Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի Գլխաւոր Հիւպատոսին


31 Հոկտեմբեր 2016-ին Զօր. Միշէլ Աունի նախագահ ընտրութեան առթիւ, Չորեքաբթի, 16 Նոյեմբեր 2016-ի կէսօրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Տիար Ճոնի Իպրահիմին։ Նշենք որ ընտրութեան յաջորդ օրն իսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորական նամակ մը յղած էր գլխաւոր հիւպատոսին։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանային Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան ու Թեմիս Ազգային Վարչութեան նախկին անդամ եւ շինարարական յանձնախումբի ատենապետ Տիար Վահան Պզտիկեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, յանուն Արեւմտեան մեր Թեմի մեծ ընտանիքին եւ շրջանիս լիբանանահայերուն, իր շնորհաւորանքը հաղորդեց գլխաւոր հիւպատոսին՝ Զօր. Միշէլ Աունի նախագահ ընտրութեան եւ Սաատ Հարիրիի վարչապետ նշանակման առիթներով: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանն ու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը յուզող զանազան հարցեր՝ շեշտելով խաղաղ համագոյակցութեան կարեւորութիւնը։

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յանուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմին, շնորհաւորական բարեմաղթանքներ արձանագրեց Հիւպատոսարանի յուշամատեանին մէջ։

Յայտնենք, որ Լիբանանի անկախութեան 73րդ տարեդարձին առթիւ, Գլխաւոր Հիւպատոսը Շաբաթ, 19 Նոյեմբերին կազմակերպած է ընդունելութիւն մը, որ տեղի պիտի ունենայ «Ռիվիյերա Քանթրի Քլապ»ին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ընդառաջելով իրեն ուղղուած պաշտօնական հրաւէրին, ներկայ պիտի գտնուի ընդունելութեան։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022