Առաջնորդ Սրբազանը Օրհնութեան Գիր մը Շնորհեց Ատիս Հարմանտեանին


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 17 Նոյեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը երաժիշտ եւ ժողովրդային երգիչ Ատիս Հարմանտեանին եւ «Օրհնութեան եւ Գնահատանքի Գիր« մը շնորհեց անոր: Հանդիպումին ներկայ էին Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան:

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ արուեստագէտին վաստակին մասին. իր Օրհնութեան Գիրին մէջ, ան վեր կ’առնէր հայկական երգարուեստի մարզին մէջ երգիչին աւելի քան կէս դարու վաստակն ու արգասիքը։

Ատիս Հարմանտեան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած այս պատիւին համար եւ իր կարգին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր նուիրեց «Երգի Ճամբով» իր յուշերու ժողովածոյէն օրինակ մը, որուն ողջունահանդէսը տեղի ունեցաւ նոյն օրը երեկոյեան, Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, սոյն ողջունահանդէսին ներկայ եղաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան եւ ընթերցեց Առաջնորդ Սրբազանին Գիրը: Ձեռնարկին ներկայ էին բազմաթիւ հայ երաժիշտներ եւ արուեստագէտին գործընկերները:

Յիշեցնենք, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2005ին, «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պատուած էր Ատիս Հարմանտեանը, հայ երգի տարածման եւ ժողովրդականացման մէջ իր ներդրումին համար:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022