Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 40րդ խաղերուն նախօրեակին, Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղը Չորեքշաբթի, 1 Յուլիս 2015ի երեկոյեան վայելեց իր նոր՝ «Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեան» մարզադաշտին պաշտօնական բացումը եւ անուանակոչութեան արարողութիւնը։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց հանդիսութեան եւ աղօթքով կատարեց մարզադաշտին բացումն ու օրհնութիւնը: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան: Ներկայ էին մարզադաշտին բարերարները՝ Տէր եւ Տիկին Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեան եւ իրենց զաւակներն ու թոռները, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական, Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութեանց եւ քոյր միութեանց ներկայացուցիչներ: Առաջնորդ Սրբազանը բարերար ամոլին հետ կատարեց ժապաւէնին հատումը: Բացման արարողութեան աւարտին, գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը: Խօսք առաւ մարզադաշտին բարերարը՝ Տիար Ժիրայր Սարգիսեան, որ համեստութեամբ եւ գոհունակ սրտով գնահատանք արձանագրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի այս ու այլ իրագործումներուն մասին:
Առաջնորդ Սրբազանը իր սրտի խօսքին մէջ գնահատանքով արտայայտուեցաւ բարերար ամոլին համեստութեան ու նուիրումին մասին, շեշտելով, որ անոնք տասնամեակներ շարունակ եղած են Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկ ու գործած՝ անոր անդաստաններուն մէջ, ահա թէ ինչու Տիար Ժիրայր Սարգիսեան այս տարի արժանացած է Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականի պատիւին, իսկ այս մարզադաշտին բարերարութեան ստանձնումը կարելի է համարել Հ.Մ.Ը.Մ.ի մթնոլորտին մէջ անոնց ստացած դաստիարակութեան նկատմամբ երախտագիտութեան պերճախօս արտայայտութիւն մը: Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ բարերար ամոլը իր կեանքին մէջ մարմնաւորած է «Բարձրացիր, Բարձրացուր» նշանաբանը, անձնական կեանքի մէջ եւս արձանագրած է բարձրացում եւ ծառայութեամբ ու նուիրումով բարձրացուցած է մեր կեանքը:
Սրտի խօսքեր արտասանեցին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան եւ «Մասիս» մասնաճիւղի ներկայացուցիչները: Ապա, տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն: Ներկայ մարզիկները ներկայացուցին ցուցադրական խաղ մը: