Պըրպէնքի, ինչո՞ւ չէ նաեւ Արեւմտեան մեր Թեմի հայութեան կեանքին մէջ, Կիրակի, 12 Ապրիլ 2015ին արձանագրուեցաւ կարեւոր իրագործում մը, երբ Հ.Յ.Դ. “Աղբալեան” կոմիտէութեան նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ շրջանի Պեշիր Մարտիրոսեան Երիտասարդական Կեդրոնի “Մելքոն եւ Անժէլ Մելքոնեան” մարզադաշտի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեանի եւ Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեանի: Ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, Երիտասարդական Կեդրոնի բարերարները՝ Թիմի եւ Սեդա Մարտիրոսեան, մարզադաշտի բարերարները՝ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան, Մելքոնեան ընտանիքի հարազատներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ներկայացուցչական դէմքեր եւ երիտասարդներ:
Առաջին հերթին, տեղի ունեցաւ մարզադաշտի օրհնութեան արարողութիւնը: Ապա, հիւրերը մասնակից եղան մարզադաշտի բարերարներուն կողմէ կազմակերպուած ճաշի հիւրասիրութեան, որուն ընթացքին արտասանուեցան ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսքեր: Խօսք առին կեդրոնին պատասխանատուները, բարերար՝ Տիար Վարանդ Մելքոնեանն ու Հ.Յ.Դ. Կ. Կոմիտէի ներկայացուցիչը։
Օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսք արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը, որ օրհնեց այս կեդրոնին բարերար Մարտիրոսեան ընտանիքը, մարզադաշտի բարերարները՝ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլը, որուն առատաձեռն բարիքները կը բաշխուին գաղութիս տարբեր միաւորներուն, նաեւ գնահատեց մեր ժողովուրդին ու երիտասարդութեան ծառայութեան լծուած նուիրեալները: Ան յիշեցուց, որ Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող այս Կիրակին կը կոչուի Կրկնազատիկ, անիկա յաղթանակի եւ վերածնունդի խորհրդանիշ է: Նոյն օրը, առաւօտուն, հայութեան համար արձանագրուեցաւ պատմական դէպք մը, երբ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, Վատիկանի մէջ Ս. Պատարագ մատուցեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ քահանայապետը՝ Ֆրանսիս Պապը, ներկայութեամբ մեր եկեղեցւոյ երկու Վեհափառ Հայրապետներուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին: Ու շեշտելով, որ այս հանդիսութիւնը կը զուգադիպի Ցեղասպանութեան 100ամեակի օրերուն՝ աւելցուց. “Նման կեդրոններու իրականացումը արժանի պատասխան է ցեղասպան թշնամիին, թէ մեր ժողովուրդը վերականգնած է, մեր երիտասարդութիւնը հոգածութեան առարկայ է եւ նոր սերունդը պահանջատիրական կամքով պիտի շարունակէ երթը”: