Առաջնորդ Սրբազանը Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ Նախագահեց Հայրապետական Մաղթանքի Արարողութեան – Հայրապետական Կոնդակի եւ Լանջախաչի Յանձնում՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի


Կիրակի, 25 Յունիս 2017-ին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ծխական համայնքը անգամ մը եւս ապրեցաւ տօնական օր մը։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ կոնդակով, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան արժանացաւ վարդապետական լանջախաչ կրելու պատիւին։ Այս ուրախ առթիւ, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր.
buy vigora online www.ecladent.co.uk/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/vigora.html no prescription

Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան ժամանեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ հանդիսապետեց Ս. Պատարագին։ Արարողութեան ներկայ էին եկեղեցւոյ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի, հոգաբարձութեան, Տիկնանց միութեան եւ քոյր միութեանց ու կազնակերպութեանց անդամներ։

Պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը։ Ս. Պատարագի աւարտին, Սրբազան Հայրը Ս.
buy cenforce online www.ecladent.co.uk/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/cenforce.html no prescription

Խորան բարձրանալով, «Ուրախ Լեր» շարականին երգեցողութենէն ետք ընթերցեց վարդապետական լանջախաչի շնորհման հայրապետական սրբատառ կոնդակը, յանձնեց լանջախաչը եւ «Պահպանիչ»ով օրհնեց զայն։

Հոգեպարար եւ յուզիչ արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը ուղղելով Հայր Պարոյրին, Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւններն ու գնահատանքը փոխանցեց, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց Հայր Սուրբին հովուական ծառայական կեանքն ու գործունէութիւնը։ «Բոլորս ականատես վկաներն ենք քահանայական ծառայութեան ձեր կոչումի կենսագործման եւ ծխական այս համայնքի բարօրութեան ի խնդիր աշխատանքին», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը եւ Հայր Սուրբը յորդորեց յաւելեալ ու վերանորոգ կենսունակութեամբ շարունակելու իր նուիրեալ ծառայութիւնը։

Իր պատգամին սկզբնաւորութեան, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ հաւատացեալներուն յիշեցուց, թէ 22 տարիներ առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընտրուեցաւ եւ օծուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, ուրեմն, այս տարեդարձը յիշատակելու համար, այսօր, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ’ունենայ Հայրապետական Մաղթանք։

Նկատի ունենալով, որ օր մը առաջ, մեր եկեղեցին տօնած էր Մեծն Ներսէս Հայրապետի տօնը, Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ վեր առաւ Հայրապետի ժառանգութիւնը, շեշտելով, որ Մեծն Ներսէս Հայրապետը, իբրեւ «Սրտի Լուսաւորիչ», մեր եկեղեցւոյ առաջին բարեկարգիչը եղած է, կրօնական եւ ազգային լուսաւորութեան ռահվիրան. ան հաստատած է եկեղեցիներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ, պատսպարաններ։ Անոր գործերը ներշնչման աղբիւր դարձած են բազմաթիւ կաթողիկոսներու եւ սրբազան հայրերու, որոնց շարքին՝ Ս. Աթոռոյս ներկայ գահակալին։ Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի իրագործումներուն, նշելով, որ ան ականաւոր անհատականութիւն է ո՛չ միայն մեր եկեղեցական կեանքին, այլ նաեւ միջազգային բեմին վրայ։ Անցեալ 22 տարիներուն, ան ցոյց տուած է տեսլական ունեցող հզօր առաջնորդի արժանիքներ, վերակենսաւորած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ մեր Ս. Աթոռը եւ պատկառազդու տեղ մը ապահոված է անոր՝ միջազգային շրջանակներու մէջ։ Ան հաւատացեալները հրաւիրեց միասնաբար աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած, որպէսզի Հայրապետին պարգեւէ երկար ու առողջ կեանք, ուժ եւ իմաստութիւն, ընդերկար կրելու մեր ժողովուրդը հովուելու ազնիւ լուծը եւ մնալու հայկական սփիւռքի գլխաւոր սիւնը։ Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ այս շաբաթավերջը նաեւ Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ իր եպիսկոպոս ձեռնադրութեան 20-րդ տարեդարձն է եւ այս առիթով, վերանորոգեց Աստուծոյ ու մեր եկեղեցւոյ անսակարկ ծառայելու իր ուխտը, ի խնդիր մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի պայծառացման, եւ հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթակից ըլլալու ծխական այս համայնքի բարգաւաճման ի խնդիր։

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ Տեղի ունեցաւ «Հայրապետական Մաղթանք»ի արարողութիւնը։ Աղօթք բարձրացուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի առողջութեան ու արեւշատութեան համար. «Առատացուր անոր քու ողորմութեանդ շնորհը, ինչպէս ըրիր Պօղոս Առաքեալին՝ դարձնելով զայն անօթ, որպէսզի առաքելական հոգիով, անձնդիր նուիրումով եւ ծառայութեամբ ամրացնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռը, եւ ծաղկեալ պայծառացնէ քու Սուրբ Եկեղեցիդ եւ հովուէ հաւատացեալներուդ բազմութիւնը, բարի հովիւիդ նման, քու աստուածային կեանքիդ համաձայն, ի փառս ամենասուրբ Երրորդութեանդ», կ’ըսէ աղօթքը։

Աւարտին, ներկաները երգեցին «Ի վեհ բարձանց» եւ «Կիլիկիա» մաղթերգները։

ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ Արարողութեանց աւարտին, եկեղեցւոյ կողքի «Վասպուրական» սրահին մէջ հոգաբարձութիւնը կազմակերպած էր սիրոյ սեղան մը, ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Հայր Սուրբին, առաջինին Եպիսկոպոս ձեռնադրութեան եւ օծման 20-ամեակին, իսկ երկրորդին լանջախաչի արժանանալուն առիթով։ Յաջորդաբար խօսք առին հոգաբարձութեան ատենապետը՝ Դոկտ. Կարօ Միրիկեան, հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետը՝ Տիար Սարգիս Շիրիգեան, Հայր Սուրբը եւ Առաջնորդ Սրբազանը։

Սրբազան Հօր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման տարեդարձին ուրախ առիթով, Հոգեւոր Հովիւն ու հոգաբարձութիւնը անակնկալներ վերապահած էին անոր. անոնք երկու յուշանուէրներով պատուեցին Առաջնորդ Սրբազանը, մաղթելով երկար եւ առողջ կեանք եւ աննահանջ երթ՝ եկեղեցանուէր առաքելութեան մէջ։ Սրբազան Հայրը, իր կարգին, Հայր Պարոյրին նուիրեց լանջախաչ մը, շնորհաւորելով զինք եւ գնահատելով ծխական համայնքը։

Աւարտին, ներկայ հաւատացեալները շնորհաւորեցին Հայր Սուրբն ու Առաջնորդ Սրբազանը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022