Չորեքշաբթի, 16 Մայիսի կէսօրին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Միութեան Հոգեւոր Հովիւ Վեր. Յովսէփ Մաթոսեանի, եւ ընդունուեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Ներկայացուցիչները եկած էին Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելու վերընտրութեան առիթով։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։
Շնորհաւորանքի ու բարեմաղթութեան խօսքերու փոխանակումէն ետք, հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու հայութեան կեանքը յուզող այժմէական հարցերու մասին, մանաւանդ, որ զոյգ յարանուանութիւնները սերտօրէն հաղորդակից են ու գործակից՝ մեր գաղութի ու ընդհանրապէս հայութեան վերելքին նպաստող աշխատանքներւո մէջ։
Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց արտայայտուած ազնիւ զգացումներուն ու բարեմաղթութեանց համար. հանդիպումը յանգեցաւ գործակցութիւնն ու սրտակցութիւնը յարատեւելու յանձնառութեամբ։
Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԺՈՂՈՎԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Վերոյիշեալ հանդիպումի նախօրեակին, Երեքշաբթի, 15 Մայիսի երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազանը ընդունած էր այցելութիւնը Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Հովիւին՝ Արժ. Տ. Վիգէն Ա. Քհնյ. Վասիլեանի ու հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներուն, որոնք նմանապէս Ազգ. Առաջնորդարան եկած էին Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելու վերընտրութեան առիթով։
Առաջնորդ Սրբազանին կողքին, ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Ռիմա Պօղոսեան ու անդամ Տոքթ. Միսաք Պարսամեան։ Հանդիպումը ծառայեց նաեւ եկեղեցւոյ ժողովրդանուէր եւ եկեղեցաշէն աշխատանքներու բարելաւման միջոցներու շուրջ խորհրդակցութեան։