Չորեքշաբթի, 17 Յուլիս 2019-ին, Օրէնճ Քաունթիի «Christ Cathedral»ը, որ նախապէս «Crystal Cathedral» կը կոչուէր, վերաբացուեցաւ եւ վերաօծուեցաւ յետ եօթնամեայ վերանորոգութեան։ Միացեալ Նահանգներու մէջ պապական նուիրակ Քրիսթոֆ Արք. Փիեռ նախագահեց արարողութեան, որուն ընթացքին օրհնուած ջրով եւ միւռոնով օծեց Ս. Խորանն ու պատերը։
Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Օրէնճ շրջանի Առաջնորդ Քեւըն Եպս. Վանի եւ հովիւ Քրիսթըֆըր Սմիթի հրաւէրով, յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Արժ. Տ. Հրանդ Աւ. Քհնյ. Երէցեան ու փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր շնորհաւորանքն ու բարեմաղթութիւնները: