ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԿþՈՂՋՈՒՆԷ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՐՔՈՒՄԸ ՈՃԻՐ ՆԿԱՏՈՂ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻՆ ՀԱՍՏԱՏԱԾ ՕՐԷՆՔԸ

Ծանօթ է, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը Երկուշաբթի, 23 Յունուարին, հաստատեց Ազգային Ժողովին կողմէ ամիս մը առաջ որդեգրուած այն օրէնքը, որ ոճիր կը նկատէ հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումի կամ ժխտումի որեւէ քայլ։

Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան յանուն մեր Թեմին նամակ մը յղեց Լոս Անճելըսի մօտ Ֆրանսայի հիւպատոս Տէյվիտ Մարթինոնի, ողջունելով Ֆրանսայի խորհրդարանին քաջարի որոշումն ու շնորհակալութիւն յայտնելով օրէնքը հաստատող խորհրդարանականներուն։

»Ուրախ ենք ու խորապէս զգացուած՝ Ֆրանսայի խորհրդարանին այս որոշումին համար. բարձր գնահատանքի ու դրուատիքի արժանի են այն խորհրդարանականները, որոնք մեծամասնութեամբ հաստատ մնացին իրենց սկզբունքային կեցուածքին վրայ ու արիաբար քուէարկեցին ի նպաստ օրէնքին, հակառակ պատժամիջոցներ որդեգրելու մասին Թուրքիոյ սպառնալիքներուն։ Այս օրէնքին հաստատումը յաղթանակ է ոչ միայն հայերուն, այլ նաեւ ցեղասպանական արարքներու բոլոր զոհերուն համար, որովհետեւ անիկա յստակ պատգամ մըն է թէ մարդկային իրաւունքներն ու արդարութիւնը չեն կրնար արհամարհուիլ։ Անհամբեր կը սպասենք, որ յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն, նախագահ Նիքոլա Սարքոզի իր ստորագրութեամբ հաստատէ այս օրէնքը։ Նաեւ կը յուսանք, որ այլ երկիրներ եւս հետեւին Ֆրանսայի խորհրդարանի որոշումին եւ միասնաբար կարենանք վերջ տալ Թուրքիոյ հերքումի շարունակական փորձերուն«, գրած է Առաջնորդ Սրբազանը իր նամակին մէջ, աւելցնելով, որ »նախագահ Սարքոզի, Ֆրանսայի կառավարութիւնն ու ժողովուրդը մեր ամէնէն ջերմ զօրակիցներէն են, որուն համար ընդմիշտ երախտապարտ ենք։ Կը խնդրենք, որ նախագահ Սարքոզիի փոխանցէք մեր շնորհակալութիւնն ու դրուատիքը՝ այս բանաձեւին անձամբ զօրակցութեան ու յանձնառութեան համար, նաեւ՝ խորհրդարանի անդամներուն, իրենց ազնիւ որոշումին համար«։

 

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022