Կիրակի, 24 Մարտ 2019ը, Մեծ Պահոց չորրորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Տնտեսի Կիրակի։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։
Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանին ձեռամբ պիտի կատարուի «Գայլ Վահան» եւ «Ս. Վարդան» սկաուտական շքանշաններու տուչութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի այն գայլիկներուն եւ արծուիկներուն, որոնք մասնակցեցան կրօնական-դաստիարակչական յատուկ դասընթացքին։
Դասընթացքը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 16 Մարտին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան կեդրոնի «Անտոնեան» սրահին մէջ, դասաւանդութեամբ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննաքեանին։
Կիրակի կէսօրէ ետք, Վէն Նայսի Պըրմինկհէմ վարժարանէն ներս տեղի պիտի ունենայ 35-րդ Ք.Ա.Հ.Ա.Մ.-ի փակման եւ Նաւասարդեան 44-րդ մարզախաղերու բացման զոյգ հանդիսութիւնները։ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան ներկայ պիտի ըլլայ հանդիսութեանց եւ պիտի փոխանցէ Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեան խօսքը։