Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Պէյրութ մեկնեցաւ, մասնակից ըլլալու համար Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ու ժողովականութեան հետ նախատեսուած ժողովներուն ու հանդիպումներուն։
13էն 17 Մարտին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներուն հետ Թեմակալ Առաջնորդներու եւ Ազգային Վարչութեանց ժողովներն ու հանդիպումները, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։ Թեմակալ Առաջնորդներ ու Ազգ. Վարչութեանց ներկայացուցիչներ նաեւ իրենց Թեմերուն յատուկ հարցերու, ինչպէս նաեւ մայր հայրենիքի հետ գործակցական ծրագիրներու մասին խորհրդակցական հանդիպումներ պիտի ունենան Վեհափառ Հայրապետին ու Կեդր. Վարչութեան ներկայացուցիչներու հետ։
Նոյն օրերուն նախատեսուած են եկեղեցական յատուկ արարողութիւններ ու այլ ձեռնարկներ։
Առաջնորդ Սրբազանը մեր Թեմը պիտի վերադառնայ Անթիլիասի ժողովներուն աւարտէն ետք։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ