Առաջնորդ Սրբազանը Վերամուտի Առիթով Այցելեց Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան Վարժարան

Չորեքշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2018-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան վերամուտի առիթով այցելեց Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան Վարժարան եւ իր օրհնութիւնն ու յաջող տարուան մը բարեմաղթութիւնները փոխանցեց։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան եւ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան, որոնք վարժարանին կրօնի դասատուներն են։

Վարժարանի մուտքին, Առաջնորդ Սրբազանը դիմաւորուեցաւ տնօրէնուհի Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի, փոխ տնօրէնուհի Տիկին Ռիթա Գաբրիէլեանի եւ ուսումնական մարմնի ներկայացուցիչներու կողմէ։ Կարճ հանդիպումէ եւ հիւրասիրութենէ ետք, Առաջնորդ Սրբազանը հերթաբար այցելեց մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի դասարանները, ուր աշակերտներ բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին եւ կոկիկ յայտագիր ներկայացուցին։

Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց աշակերտները եւ մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ մանկապարտէզի աշակերտներուն հետ, ինչպէս նաեւ ընդառաջելով ուսուցիչներու փափաքին, մանկական պատմութիւն մը կարդաց աշակերտներուն, որոնք հետաքրքրութեամբ հետեւեցան եւ հարցումներ ուղղեցին։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը հանդիպեցաւ նախակրթարանի 5-րդ կարգի աշակերտներուն, որոնք ջերմ խօսքերով շնորհակալութիւն յայտնեցին այս այցելութեան համար։ Իր կարգին, Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութիւն եւ գնահատանք արտայայտեց ի տես եւ ի լուր աշակերտներուն ուշիմութեան, կարգապահութեան եւ անոնց հաւատքի, հայ լեզուի եւ մշակոյթի հաւատարմութեան ուխտի վերանորոգումին։

7-րդ կարգի աշակերտները, Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի առթիւ, վարժարանէն ներս Սարդարապատի յուշակոթողի որմնանկարին դիմաց ներկայացուցին «Սարդարապատ» երգը, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազանը աշակերտները խրախուսեց Սարդարապատի հերոսական ոգիով վերանորոգուելու եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց ապագայ երթին։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022