Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Կեդր. Կոմիտէի Ներկայացուցիչներուն Շնորհաւորանքի Այցելութիւնը


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 2 Յունիս 2016ին, ընդունեց այցելութիւնը Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Դոկտ. Վիգէն Եագուպեանի եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեանի այցելութիւնը: Երկու ներկայացուցիչները Ազգ. Առաջնորդարան եկած էին Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելու Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ 6րդ քառամեակի մը համար վերընտրութեան առիթով: Ներկայ էր նաեւ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան:

Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու մեր գաղութը յուզող անմիջական հարցերու, ինչպէս նաեւ հայութեան դիմագրաւած ընդհանրական մարտահրաւէրներուն մասին: Գոհունակութիւն արձանագրուեցաւ մասնաւորապէս նոյն օրը, Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին որդեգրուած բանաձեւին մասին. այս գծով տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում՝ համապատասխան առաջադրանքներու նպատակով:

Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց շնորհաւորանքին ու բարի մաղթանքներուն համար, հաստատելով, որ յառաջիկայ շրջանին եւս, հայկական միութեանց ու կազմակերպութեանց հետ Ազգ. Առաջնորդարանի սերտ գործակցութիւնը պիտի շարունակուի ի խնդիր գաղութի ու հայկական խնդիրներու դիմագրաւման:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022