Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի Ներկայացուցիչներու եւ Նոր Նշանակեալ Տնօրէններու Այցելութիւնը


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 15 Յունիս 2016ի երեկոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի »Սիւլահեան« դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի անդամներու, գլխաւորութեամբ ատենապետին՝ Տիկին Լիզա Կապուտեանի: Անոնց կ’ընկերանային Ազգ. Վարժարաններու նոր նշանակեալ տնօրէնուհիները՝ Տիկին Սօսի Շանլեան (Ֆերահեան Երկրդ. Վրժ.), Օր. Սանան Շիրինեան (Արի Կիրակոս Մինասեան Վարժարան) եւ Տիկին Կարինէ Չուխատարեան (Վարիչուհի, Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Մանկամսուր):

Այցելութեան հիմնական նպատակն էր նշանակեալ դաստիարակները ծանօթացնել Առաջնորդ Սրբազանին եւ ստանալ անոր օրհնութիւնը:

Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց Խնամակալ Մարմնի ներկայացուցիչները եւ շնորհաւորեց նշանակեալ տնօրէնուհիներն ու վարիչուհին, յաջողութիւն մաղթեց անոնց՝ մարդակերտումի ու հայակերտումի առաքելութեան մէջ, շեշտեը դնելով մեր նոր սերունդի հոգեւոր եւ բարոյական դաստիարակութեան համար գործակցական աշխատանքի կարեւորութեան վրայ:

Հանդիպումի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէրներ փոխանցեց հիւրերուն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022