Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 1 Մարտ 2017ի յետմիջօրէին ընդունեց Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Տիար Զարեհ Սինանեանի: Ան Ազգ. Առաջնորդարան եկած էր Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը հայցելու իր վերընտրութեան համար:
Խորհրդակցութեան նիւթ եղան Կլենտէյլի քաղաքապետութեան յառաջիկայի ծրագիրներն ու հայ համայնքի գործակցութեան ոլորտները: Առաջնորդ Սրբազանը դրուատիքով անդրադարձաւ Տիար Սինանեանի նուիրեալ ծառայութեան մասին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր ընտրութեան։