Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Լոս Անճելըս Գաւառի Assessor Ճեֆրի Փրէնկի Այցելութիւնը

Չորեքշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըս գաւառի կալուածային տուրքերու բաժանմունքի պաշտօնատար (Assessor) Տիար Ճեֆրի Փրէնկի, որ Երեքշաբթի, 6 Նոյեմբերին կայանալիք ընտրութիւններուն նախօրեակին եկած էր Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնն ու յաջողութեան բարեմաղթութիւնները ստանալու։ Տիար Փրէնկին կ’ընկերանար Հանրային Կապերու վարիչ պատասխանատու Տիար Ռապըրթ Քալոնեան։

Փոխադարձ ծանօթութենէ ետք, խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Ազգային Առաջնորդարանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայութեան գործունէութեան ու հայոց ցեղասպանութեան մասին։

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Տիար Փրէնկի ծառայութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց ընտրապայքարին ու անոր յառաջիկայ ծրագիրներուն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022