Երեքշաբթի, 12 Օգոստոս 2014ի կէսօրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգային Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի պաշտօնաւարտ եւ նոր նշանակեալ տնօրէններուն՝ Տիար Վազգէն Մատէնլեանի եւ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի այցելութիւնը: Տիար Վ. Մատէնլեան պաշտօնապէս Առաջնորդ Սրբազանին ներկայացուց նոր տնօրէնուհին, որ արդէն ստանձնած է իր պաշտօնը:
Հանդիպումը անցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: Նկատի ունենալով, որ կը կանգնինք ուսումնական 2014-2015 տարեշրջանի սեմին, խորհրդակցութիւնը ընդգրկեց Հայ Դպրոցին սերնդակերտ առաքելութիւնը՝ ընդհանրապէս, ու յատկապէս Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան Վարժարանի անմիջական ծրագիրները: Հիւր դաստիարակները այս առիթով Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրեցին վարժարանի վերամուտի հանդիսութեան: Առաջնորդ Սրբազանը ընդունեց հրաւէրը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդառաջելու: