Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ընթրիքը Այս Տարի Եւս Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ

– ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԵՒ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՆՈՒԷՐՆԵՐ՝
Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՅԱԿՈԲ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆԻ, ՅԱԿՈԲ ՇԻՐՎԱՆԵԱՆԻ ԵՒ ԳԸՐԳ ԳԱՊԱԳԼԵԱՆԻ,

– ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ՅՈՒՇԱՆՈՒԷՐ ՏԻԿԻՆ ԱՆԱՀԻՏ ՊԱՂՏԱՏԼԵԱՆ-ՕՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ

– ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՊԻՏԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐէ 2020-Ի ԸՆԹՐԻՔԻ ԵՐԵԿՈՆ

Մեր Թեմին մէջ, աւելի քան 25 տարուան աւանդութիւն դարձած Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիքը, տեղի ունեցաւ Կիրակի, 6 Յունուար 2019ի երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, նախաձեռնութեամբ Կրօնական Ժողովին ու Ազգային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին եւ ներկայութեամբ շուրջ 500 ներկայացուցչական դէմքերու, բարերարներու եւ հաւատացեալ ազգայիններու:

Այս տարուան ընթրիքին գլխաւոր հովանաւորներն էին Տիկին Հիլտա Պաղտասարեան եւ զաւակները՝ Փիթըր եւ Ռուպի եւ Գեւիկ եւ Փաուլա, ի յիշատակ իրենց ամուսնոյն եւ հօր՝ ազգային բարերար Յակոբ Պաղտասարեանի, որ մնայուն կերպով զօրավիգ կանգնած է Ազգային Առաջնորդարանին, հայկական հաստատութեանց ու հայրենիքին։

Ներկայ էին Հայաստանի հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Տիար Արմէն Բայբուրդեան եւ խորհրդական տիար Վարազդատ Պահլաւունի, Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Տիկին Միռնա Խաուլի, Թեմիս հոգեւոր դասու, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, Կրօնական ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներ, Ազգային երեսփոխաններ, ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց անդամներ, Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի, կրթական համակարգի եւ CASPS-ի ներկայացուցիչներ, Հայ Դատի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու յանձնախումբի, Համազգայինի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, ՀՕՄ-ի, «Ահարոնեան» Կոմիտէի, «Ասպարէզ»ի, Կլենտէյլի Հայ-Ամերիկեան թանգարանի, «Մեմորիըլ» հիւանդանոցի, ոստիկանութեան, հրշէջներու, Հայ-Ամերիկեան Բժշկական ընկերակցութեան, «Ֆորէսթ Լոն» հաստատութեան ներկայացուցիչներ, բարերարներ ու բարեկամներ։

Երեկոյին բացման խօսքը արտասանեց Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, որ ձեռնհասօրէն վարեց յայտագիրը: Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի խօսքը արտասանեց Տիկին Մարալ Գըլըճեան: Ան շեշտը դրաւ օրուան խորհուրդին վրայ, մաղթելով, որ «Ս. Ծննդեան խորհուրդները անբաժան մնան մեր կեանքերէն եւ ընտանիքներէն»:

Ողջոյնի խօսք արտասանեց Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, որ կանգ առաւ արարիչին աշխարհ գալստեան սիրոյ եւ խաղաղութեան պատգամին վրայ, մաղթելով, որ Քրիստոսի Ծնունդը բարին բերէ բովանդակ աշխարհին եւ մեր ազգը առաջնորդէ դէպի բարին, գեղեցիկը, ու ճշմարիտը:

Ապա հոգեւորականաց դասը թափօրով մուտք գործեց սրահ, «Խորհուրդ մեծ», «Այսօր տօն է Ս. Ծննդեան» եւ «Զանճառելի լուսոյ մայր» շարականներու երգեցողութեամբ: Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան ընթերցեց Ս. Ծննդեան մասին աւետարանի համապատասխան հատուածը: Պահը խորհրդաւոր էր.
buy Cymbalta online medstaff.englewoodhealth.org/wp-content/languages/new/ no prescription

ներկաները, մոմեր ի ձեռին, հետեւեցան այդ հոգեպարար արարողութեան, վերանորոգելով իրենց քրիստոնէական հաւատքն ու քրիստոնեայի կերպարը: Նկատելի էր մեծ թիւով երիտասարդներու եւ պատանիներու ներկայութիւնը: Իրենց ընտանիքներուն ընկերակցութեամբ, անոնք հոգեւոր ապրումներով եւ ակնածանքով կը հետեւէին արարողութեան: Կատարուեցաւ Թաթախի արարողութիւնը, սեղանի երիցագոյն անդամը նշխարը գինիի մէջ թաթխելով, բաժնեց բոլոր սեղանակիցներուն, ապա Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց սեղանները:

Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութիւնը փոխանցուեցաւ տեսաերիզի վրայ արձանագրուած պատգամով: Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց ներկաները, ապա, անդրադարձաւ այն հոգեւոր յեղափոխութեան, որ Աստուածայայտնութեամբ յեղաշրջեց մարդկային մտայնութիւններն ու մտածելակերպերը մարդկային կեանքին մէջ: Բեթղեհէմի ճամբով Աստուած տուաւ արժէքներու, ճշմարտութեան, սկզբունքներու ուղիէն ընթանալու թելադրանքը, երբ յատկապէս հայ եկեղեցին շաղախուած է մեր ազգային իտէալներուն հետ: Եկեղեցին վայր չէ, կազմակերպական դրութիւն չէ, այլ դէպի ժողովուրդ գացող առաքելութիւն է ու ծառայութիւն, ըսաւ ան եւ շեշտը դրաւ Սփիւռքի կառոյցներու եւ թեմերու վերակազմակերպման, հաւաքական աշխատանքի կարեւորութեան, հաւաքական կեանքի վերաշխուժացման եւ վերակենսաւորման վրայ։ Ան բարձր գնահատեց Առաջնորդ Սրբազանը, հոգեւորականաց դասն ու ազգային իշխանութիւնը, մաղթելով, որ նոր տարեշրջանը ըլլայ նոր իրագործումներով լեցուն տարի՝ մեր եկեղեցական եւ ազգային կեանքէն ներս: Նկատի ունենալով, որ 2019 տարին հռչակած է »Հայ Մամուլի« տարի, Նորին Սրբութիւնը վեր առաւ հայ մամուլի կենսական դերը հայ կեանքէն ներս, կարեւորելով մամուլի պատասխանատուներուն եւ աշխատակիցներուն նուիրական աշխատանքը:

Ազգային Վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենադպրուհին՝ Տիկին Էլիզապէթ Պոյաճեան, որ կազմին անունով շնորհակալական ուղերձով հանդէս եկաւ, նշելով, որ մեր ժողովուրդին անվերապահ աջակցութեան շնորհիւ, 45 տարի շարունակ մեր Թեմը կրցած է հոգալ շրջանի հայութեան կարիքները:

Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Միռնա Խաուլի շնորհաւորեց հայ համայնքի Ս. Ծննդեան տօնը, յայտնելով իր բարձր գնահատանքն ու համակրանքը հայ ժողովուրդին հանդէպ: Ան բարձր գնահատեց լիբանահայութեան կարեւոր ներդրումը Լիբանանի կեանքին, հպարտ զգալով, որ հայութեան հետ սերտ յարաբերութեան մէջ եղած է միշտ: Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Տիար Արմէն Բայբուրդեան շնորհաւորեց Ս. Ծննդեան տօնը, շեշտելով Հայ Եկեղեցւոյ ազգային բնոյթը եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ կը գտնուի այս հայահոծ գաղութին մէջ, որ Սփիւռքի սիրտը կը համարուի:

Ընթրիքի պահուն, իրագործուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը։ Ելոյթ ունեցան Կրէկ Հօշարեան ու իր նուագախումբը, որոնք դասական, ժողովրդային ու հայրենասիրական երաժշտութեամբ ու երգերով խանդավառեցին մթնոլորտը: Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ դպիրներէն Յովհաննէս Պալեան հրամցուց Ս. Ծննդեան շարական մը ու հայրենասիրական երգեր։ Ընթրիքին հիւրաբար ներկայ էր Հայաստանի վաստակաւոր արթիստ եւ սիրուած երգիչ Յարութ Փամպուքճեան, որ սիրայօժար կերպով ելոյթ ունեցաւ ու ժողովրդային երգերով խանդավառեց ներկաները։

Ապա, հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցելու իր պատգամը: Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց ներկաները, ողջունեց հիւպատոսներն ու պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները, մաղթելով բարեյաջող տարի մը բոլորին՝ թեմական, ազգային եւ համայն հայութեան կեանքէն ներս: (Սրբազան Հօր պատգամը կու տանք առանձին):

Իր պատգամին վերջին բաժինով, Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց Թեմի բոլոր բարերարներն ու զօրակիցները, ու մասնաւորաբար յարգանքով ու երախտագիտութեամբ յիշեց վերջին ամիսներուն մեզմէ առյաւէտ բաժնուած բարերարներն ու նուիրեալները, յատուկ յուշանուէրներ յանձնելով անոնց ընտանիքներուն։

Այսպէս, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաջին հերթին յուշանուէր մը յանձնեց Ազգ. Առաջնորդարանի նուիրեալներէն եւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամ՝ նորոգ հանգուցեալ Քըրք Գապագլեանի որդւոյն՝ Տոքթ. Յովսէփին, բեմ հրաւիրելով նաեւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեանը, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն՝ Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեանն ու հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Ռուբէն Գիւրջեանը:

Առաջնորդ Սրբազանը յարգանքով ու երախտագիտութեամբ յիշեց անցեալ տարի մեզմէ առյաւէտ բաժնուած, ազգային բարերար եւ գաղութի երկարամեայ ծառայող Յակոբ Շիրվանեանը, եւ յուշանուէր մը յանձնեց Շիրվանեան ընտանիքի դուստրին՝ Ալիս եւ Վահիկ Պետրոսեան ամոլին եւ Յակոբին քրոջ՝ ազգային բարերար Սաւի Թիւֆէնքեանի, իր կողքին հրաւիրելով Կրօնական Ժողովի ատենապետ Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանն ու Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեանը:

Ապա բեմ հրաւիրուեցան Տիկ. Անահիտ Պաղտատլեան-Օհաննէսեանն ու դուստրը՝ Սիլվին, որոնք յուշանուէր ստացան առ ի գնահատանք նախորդ տարուան ընթրիքին հովանաւորութեան. նշենք, որ Տիկին Անահիտ այս տարի եւս 100.000 տոլարի նուիրատուութեան խոստում մը կատարած է, որուն 50.000 տոլարի բաժինը պիտի յատկացուի Կաթողիկոսարանին, Վեհափառ Հայրապետին քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 50-ամեակին առիթով, 30.000 տոլարի բաժինը՝ ուխտի մը առիթով մեր Թեմի եկեղեցիներուն, իսկ 20.000 տոլարի բաժինը՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան ընթրիքին՝ Թորգոմ Սրբազանին եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան առիթով։ Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէրին տուչութիւնը կատարեց մասնակցութեամբ Առաջնորդական փոխանորդ Սրբազանին եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետին։

Այնուհետեւ, բեմ հրաւիրուեցան ընթրիքի գլխաւոր հովանաւոր՝ Տիկին Հիլտա Պաղտասարեան եւ զաւակունք՝ Տէր եւ Տիկին Փիթըր եւ Ռուպի եւ Տէր եւ Տիկին Գէւիկ եւ Փաուլա Պաղտասարեաններ իրենց զաւակներով։ Առաջնորդ Սրբազանը երախտագիտութեան յուշանուէր մը յանձնեց ընտանիքին մասնակցութեամբ՝ Ազգ. Վարչութեան ատենապետին եւ փոխ ատենապետ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի:

Առաջնորդ Սրբազանը «Պահպանիչ»ով փակումը կատարեց երեկոյին, որուն յաջորդեց «Կիլիկիա»ի, հայրապետական մաղթերգի ու «Մեր Հայրենիք»ի հաւաքական երգեցողութիւնը: Այնուհետեւ, ներկաները նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի առթիւ բարեմաղթութիւններ փոխանակելով շնորհաւորեցին զիրար:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022