Ցեպասպանութեան Մասին Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի Բանաւոր Արխիւները Փոխանցուեցան «Շոահ» Հիմնարկին

Ուրբաթ, 9 Մարտ 2018-ին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ յարկին տակ գործող «ՇՈԱՀ» հիմնարկը համալսարանին մէջ կազմակերպած էր յատուկ ձեռնարկ մը, պաշտօնապէս իր արխիւներուն մէջ անցընելու համար Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի բանաւոր արձանագրութեանց արխիւը, որ կ’ընդգրկէ Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներու պատմական վկայութիւնները։ Այս ձայնագրեալ ու տեսագրեալ հաւաքածոն առաջին եւ ցարդ ամէնէն հարուստ արխիւն է, որ տրամադրելի է աշխարհի տարածքին Ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրողներու։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին, օրհնեց Փրոֆ. Ռ. Յովհաննէսեանի վաստակը եւ շնորհաւորեց զինք այս իրագործումին համար։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022