Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը իր 47-րդ նստաշրջանը գումարեց Ուրբաթ, 17 Մայիս 2019-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին։
Ժողովականներուն կողքին ներկայ էին հոգեւորականաց դասու, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան, Կրօնական Ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ, Հոգաբարձութեանց ատենապետներ կամ ներկայացուցիչներ, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի եւ CASPS-ի ներկայացուցիչներ, եւ Ազգ. Վարժարաններու տնօրէններ ու մանկամսուրներու վարիչներ։
Երկօրեայ նստաշրջանը հանգամանօրէն պիտի քննարկէ անցեալ տարեշրջանի աշխատանքները եւ մշակեց յառաջիկայ տարուան աշխատանքի նախագիծը։
Մանրամասնութիւնները յաջորդիւ։