Ազգային Առաջնորդարանի Աշակերտական Ասմունքի Մրցումի Մրցանակներու Բաշխումի Հանդիսութիւն


Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ կազմակերպուած ասմունքի միջ-դպրոցական մրցումն ու անոր մրցանակաբաշխումի հանդիսութիւնը գործնական վկայութիւն եղան այն ճշմարտութեան, որ մեր գրաւոր մշակոյթը պահպանելու եւ անոր հաւատարմութիւն արտայայտելու իմաստով, դեռատի ու մատղաշ սերունդներուն մէջ մեր գրողներուն ժառանգութեան վերապրումը կենսական գրաւական է: Իսկ նկատի ունենալով, որ այս տարուան մրցումը նուիրուած էր Ցեղասպանութեան 100ամեակին, նահատակ գրողներու գործերուն ներկայութիւնը՝ արտասանուած կտորներուն շարքին, այլ խորհուրդ մը մարմնաւորեց արդարեւ:

Ազգային Առաջնորդարանի “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահը Հինգշաբթի, 25 Յունիս 2015ի երեկոյեան հիւրընկալեց ասմունքի մրցումին աւարտական հանդիսութիւնը՝ մրցանակներու բաշխումի ձեռնարկը, որ իրագործուեցաւ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ համատեղ նախաձեռնութեամբ Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինին, Ազգ. Առաջնորդարանի Մշակութային-Դաստիարակչական յանձնախումբին եւ այս ձեռնարկին համար կազմուած գործադիր յանձնախումբին:

Միջ-դպրոցական մրցումը տեղի ունեցած էր Շաբաթ, 2 եւ Կիրակի, 3 Մայիսին, Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի սրահին մէջ: Մասնակցութիւն բերած էին ութ վարժարաններու աշակերտներ, տարիքային երեք խմբաւորումներով՝ նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական։ Իւրաքանչիւր դպրոցէ շուրջ 40 աշակերտներ մասնակցութիւն բերած էին մրցումին, որ երկու օր շարունակ, հայկական գրաւոր մշակոյթի տաղանդաւորներուն ժառանգութեամբ յագեցած մթնոլորտի մը մէջ ներգրաւեց մրցակցողները, դաստիարակներ, ծնողներ ու գրասէր հանդիսականներ:

Ազգային Վարչութեան փոխ ատենապետ Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան, որ յանձն առած էր այս ձեռնարկին համադրումը, արտասանեց մրցանակաբաշխումի ձեռնարկին բացման խօսքը: Ան ողջունեց ներկաները, որոնց շարքին էին հոգեւոր հայրեր, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի ներկայացուցիչ Տիկին Ազիդա Եագուպեան, վարժարաններու տնօրէններ, դաստիարակներ եւ բազմաթիւ ծնողներ ու հարազատներ: Դոկտ. Պապիկեան նշեց, որ ասմունքի միջ-դպրոցական փառատօնը կը կազմակերպուի երկրորդ տարին ըլլալով, այս տարի, ձեռնարկը նուիրուած է Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ անգամ մը եւս առիթ ծառայած է հաստատելու այն ճշմարտութիւնը, որ ասմունքը՝ բանաստեղծներու եւ գրողներու գրաւոր ժառանգութիւններու իւրացումը կարեւոր տեղ ունի մեր մշակոյթի պահպանման մէջ: Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց “Աւան Շուշի Փլազա” ընկերութեան տնօրէն Տիար Ալեք Պաղտասարեանի, որ 4 տարի առաջ սկզբնաւորած էր այս նախաձեռնութիւնը, որ ամրան ընթացքին, Շուշին կը վերածէ հայկական մշակոյթի իւրայատուկ ժամադրավայրի մը: Ան հրաւիրեց յանձնախումբի անդամներէն Տիար Միհրան Թումաճեանը, որպէսզի յայտարարէ Ա. Բ. եւ Գ. տեղերը գրաւողները, որոնք արժանացած են յատուկ վկայագիրներու:

Տիար Թումաճեան հակիրճ կերպով խօսեցաւ այս տարուան ձեռնարկին կազմակերպման ու իրագործման հանգրուաններուն մասին, գոհունակութիւն յայտնելով, որ այս տարի երկու դպրոցներ եւս միացած են մրցումին. մասնակից դպրոցներն են Ազգ. Մեսրոպեան, Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս, Ազգ. Ֆերահեան եւ Թ.Մ.Մ.ի Արշակ Տիգրանեան երկրորդական Վարժարանները, Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանը, Ազգ. Ս. Նահատակաց-Մարի Գապայեան նախակրթարանը, Հայ Քոյրերու Վարժարանն ու Դաւթեան-Մարիամեան Կրթ. Հաստատութեան աշակերտները: Ան շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան Վարժարանի տնօրէնութեան, որ Մայիսի սկիզբը հիւրընկալած էր երկօրեայ մրցումը:

Տիար Թումաճեան յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց մրցանակաւորները, որոնք ասմունքներով ծաղկեցուցին երեկոն: Դատական կազմին գնահատումով, մրցանակաւորները հետեւեալներն էին.-

Ա. Մրցանակ՝ երկրորդականի խմբակէն՝ Անի Թովմասեան, Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Վարժարանէն, ներկայացուց Վահագն Դաւթեանի “Ռեքուիէմ”ը: Միջնակարգի խմբակէն՝ Արա Եագուպեան, Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան Վարժարանէն, ներկայացուց Պարոյր Սեւակի “Եռաձայն Պատարագ”էն հատուած մը, իսկ նախակրթարանի խմբակէն՝ Էրիկ Չիլինգարեան՝ Դաւթեան-Մարիամեան Կրթ. Հաստատութեան սաներէն, ներկայացուց Պ. Սեւակի “Անլռելի Զանգակատուն”էն հատուած մը:

Բ. Մրցանակ՝ նախակրթարանի խմբակէն՝ Թագուհի Հմայեակեան, Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանէն, ներկայացուց Աւետիք Իսահակեանի “Հէյ ջան Հայրենիք” բանաստեղծութիւնը: Միջնակարգի եւ երկրորդականի խմբակներու մրցանակաւորներն էին Մեղրի Շահինեան, Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան Վարժարանէն եւ Նարեկ Գույումճեան, Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանէն:

Գ. Դիրքը գրաւած էին երկորդականի խմբակէն՝ Ալեք Մանուկեան, Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանէն, միջնակարգի խմբակէն՝ Արազ Պալեան, Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանէն, իսկ նախակրթարանի խմբակէն երեք աշակերտներ բաժնեկցած էին Գ. դիրքը. Նարին Արիսեան, Ազգ. Ս. Նահատակաց-Մարի Գապայեան Վարժարանէն, Տարօն Տէր Սահակեան, Հայ Քոյրերու Վարժարանէն եւ Ալիս Խաչիկեան՝ Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանէն:

Նկատի ունենալով, որ դպրոցական տարեշրջանը արդէն իսկ փակուած է եւ արձակուրդը սկսած, կարգ մը մրցանակաւորներ չկրցան ներկայ ըլլալ հանդիսութեան:

Նշենք, որ դատական կազմի անդամներն էին Տիկնայք Թագուհի Արզումանեան, Շաքէ Թուխմանեան, Տեարք Գրիգոր Օգարեան, Էդիկ Բալայեան եւ Ճորճ Ատուրեան: Տիար Բալայեանի պատրաստած՝ Ցեղասպանութեան վայրերը ցոյց տուող քարտէսէն օրինակներ նուէր տրուեցան մրցանակաւորներուն:

Դատական կազմի անդամներէն Տիար Գրիգոր Օգարեան, որ հայրենի վաստակաւոր դերասան է, ներկայացուց ասմունք մը եւ խրախուսեց աշակերտները շարունակելու այս աւանդութիւնը:

“Աւան Շուշի Փլազա” ընկերութեան տնօրէն Տիար Ալեք Պաղտասարեան պաստառի վրայ ցուցադրուած լուսանկարներու ընկերակցութեամբ որոշ լուսաբանութիւններ տուաւ Շուշիի մէջ անցեալ տարի տեղի ունեցած համագաղութային մրցումին մասին, վեր առաւ այս նախաձեռնութեան բարերար ներգործութիւնը եւ շեշտեց, որ ասմունքի այս մրցումին գաղափարը ծնած է այն պատմական իրողութենէն, որ Շուշին անցեալին եղած է հայ մշակոյթի կարեւոր կեդրոն, նման հանդիսութիւններ կը նպաստեն այդ դերին վերականգնումին: Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Ազգ. Առաջնորդարանին, վարժարաններուն, դատական կազմին եւ գործադիր յանձնախումբի անդամներէն Օր. Նանէ Աւագեանին ու Տիար Միհրան Թումաճեանին, որոնք Դոկտ. Տիգրան Պապիկեանի հետ գործակցաբար իրագործեցին այս ձեռնարկը։

Հանդիսութեան փակման եւ իր օրհնութեան խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը, որ յատուկ յուշանուէրներ նուիրեց աշակերտներուն, իսկ գիրքեր՝ դատական կազմի անդամներուն: Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ ձեռնարկին կազմակերպիչ յանձնախումբին, Խնամակալ Մարմինին ու բոլոր գործակիցներուն, ինչպէս նաեւ դատական կազմի անդամներուն ներդրումին եւ ” Աւան Շուշի Փլազա”ի մշակութակերտ նախաձեռնութեան մասին:

Անդրադառնալով տաղանդաւոր աշակերտներուն ոգեշունչ մատուցումներուն, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, որոնք վայելքի այս պահը ընծայած էին հանդիսականներուն, շնորհաւորեց ծնողները, որոնք դաստիարակներուն կողքին գուրգուրանքով մասնակից եղած են այս իրագործումին: Ան յայտնեց, որ յուշանուէրներուն վրայ արձանագրուած “Հաւատք, Յոյս եւ Սէր” բառերը ունին յատուկ խորհուրդ, ու մաղթեց, որ աշակերտները այս ոգիով բազմապատկեն իրենց շնորհները եւ պայծառացնեն մեր կեանքը: Առաջնորդ Սրբազանը նկատեց, որ այս ձեռնարկը կը համապատասխանէ Առակաց Գիրքի այն խօսքին, որ կ’ըսէ՝ “Կրթէ մանուկը իր ճամբան սկսած պահուն… “, որովհետեւ եթէ մանուկը ճիշդ հունի մէջ դրուի, Աստուծոյ շնորհքները կը պտղաբերին: Այս ձեռնարկը յուշարար է նաեւ, որ բոլորս բարձր գիտակցութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ զգանք մեր պարտքը՝ հանդէպ նոր սերունդներուն, ու պատիւ անոնց՝ որոնք պարտքը ճիշդ կը հատուցեն:

Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ այս տարուան մրցումը զուգադիպեցաւ Ցեղասպանութեան 100ամեակին, ու փառք տուաւ Աստուծոյ, որ հայութեան շնորհեց Ցեղասպանին ոճիրէն վերականգնիլ եւ յարութեան շունչով շարունակել արդար պահանջատիրութեան երթը: Ու նկատի ունենալով, որ կարգ մը մրցանակաւորներ յառաջիկայ Օգոստոսին, Շուշիի մէջ պիտի մասնակցին ասմունքի համագաղութային մրցում-փառատօնին, ան մաղթեց, որ աշակերտները ծանօթանան մայր հայրենիքին ու այդ հանգրուանէն ետք եւս, անոնց տաղանդները նոր ծաղկում ունենան:

Երեկոն վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին “Պահպանիչ”ով: Ներկաները միասնաբար երգեցին “Մեր Հայրենիք”ը, ապա վայելեցին կոկիկ հիւրասիրութիւն:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022