Միջնադարու Հայ Արուեստի Գլուխ Գործոց «Զէյթունի Աւետարան»ի Ցուցադրութիւնը «Կեթի» Թանգարանին Մէջ


«Կեթի» թանգարանի ձեռագրաց բաժանմունքի աւագ գիտաշխատող՝ Դոկտ. Էլիզապէթ Մօրիսընի հրաւէրով, Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2016-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիար Սերգէյ Սարգիսով, Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկի տնօրէն՝ Դոկտ. Հայկ Տեմոյեանն ու Թեմիս Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեանը այցելեցին «Կեթի» թանգարան, ուր հրապարակաւ կը ցուցադրուի 13րդ դարու «Զէյթունի Աւետարան»ի ձեռագիր մագաղաթէն պատառիկներ, որ գործն է միջնադարու Կիլիկեան մանրանկարչութեան լաւագոյն ծաղկողներէն՝ Թորոս Ռոսլինի։ Այցելութեան ընթացքին ներկայ էր նաեւ թանգարանի տեղեկատուական բաժանմունքի եւ հանրային հարցերու պատասխանատու՝ փոխ-տնօրէն Ճօն Կիւրինին։

Այցելուները հիւրասիրութեամբ պատուուեցան թանգարանի տնօրէնութեան կողմէ, որուն ընթացքին արծարծուեցան զանազան նիւթեր, առնչուած՝ հայ մշակոյթի ամսուան, հայ-ամերիկեան համայնքի հարցերուն եւ համագործակցութեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Թանգարանին նուիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերջին հրատարակութենէն «The Catholicosate of Cilicia: History, Treasures, Mission» օրինակ մը։

Հայ մշակոյթի ամսուան առթիւ, «Զէյթունի Աւետարան»ի ձեռագիր մագաղաթներու պատառիկները հրապարակաւ կը ցուցադրուին հանրութեան մինչեւ 1 Յունուար 2017ը։ Կը հրաւիրենք մեր համայնքի զաւակները, որպէսզի անձամբ այցելեն եւ վայելեն միջնադարու Կիլիկեան մանրանկարչութեան գլուխ գործոցներէն համարուող «Զէյթունի Աւետարան»ի ձեռագիր մագաղաթը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022