Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնակատարութիւն


Շաբաթ, 31 Յունուար, 2015ին, Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցին յիշատակեց Քրիստոնեայ հաւատքի նահատակ Ս. Սարգիսի, անոր զաւակին Մարտիրոսի եւ տասնըչորս զինուորներուն տօնը։ Ս. Սարգիսի տօնը նաեւ անուանակոչութեան օրն է Թեմիս Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ։

Այս առթիւ, Կիրակի, 1 Փետրուարին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան պատարագեց, յաւոր պատշաճի իր պատգամը փոխանցեց եւ մատաղի օրհնութիւն կատարեց Փասատինայի Ս.
buy forzest online www.mydentalplace.com/wp-content/themes/twentytwelve/inc/en/forzest.html no prescription

Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ։

Մատաղի համար աղօրհնէքը կատարուած էր Ուրբաթ, 30 Յունուարին, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի կողմէ, որմէ ետք եկեղեցւոյ Հոգաբարձական կազմն ու Տիկնանց Միութեան անդամները սկսած էին մատաղի պատրաստութեան։

Առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին, “Հրաշափառ” շարականի երգեցողութեամբ, պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազանը՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, հոգեւոր հովիւին եւ սարկաւագներու թափօրով, մուտք գործեց եկեղեցի եւ մատուցեց Ս.
buy amoxicillin online www.mydentalplace.com/wp-content/themes/twentytwelve/inc/en/amoxicillin.html no prescription

Պատարագը:

Պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իր հայրական պատգամը ուղղելէ առաջ, նախ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնախմբութեան առթիւ, օրհնութեան ու գնահատանքի խօսք ուղղեց հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան, երեսփոխանական կազմին, տիկնանց միութեան, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերուն ու եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին։ Սրբազան Հայրը նաեւ ողջունեց եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարը՝ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան ամոլին ու ընտանեկան պարագաներու ներկայութիւնը։

Սռաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին բնաբան ունէր Սուրբ Սարգիսին նուիրուած շարականին հետեւեալ խօսքը. “Երանելի վկայն Քրիստոսի, զօրանայր ի Սուրբ Հոգւոյն. զի զերանութեանցն առնոյր զշնորհս ողորմութեան. որ է զէն յուսոյ վահան հաւատոյ”։

Սրբազանը իր պատգամով նախ անդրադարձաւ Ս. Սարգիս զօրավարի կեանքին, վկայաբանութեան, ջերմեռանդ հաւատքի զօրութեան ու նահատակութեան։ Ապա, ուխտաւոր հաւատացեալները հրաւիրեց Ս. Սարգիս զօրավարի ջերմ հաւատքով հոգեպէս զօրանալու եւ մեր առաքելութեան եւ ծառայութեան ընթացքին մեր ես-ը մէկդի դնելով փառաւորելու զԱստուած։

Սուրբերու հաւատքի խոստովանութեան ու նահատակութեան մասին խօսելէ ետք, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ մեր այսօրուան կեանքին, նշելով, որ երբ նուազագոյն նեղութեան կը հանդիպինք, սկզբունքներ, աւանդութիւն ու սրբութիւն երկրորդական մակարդակի կը թողունք, որովհետեւ միայն մեր ես-ը եւ շրջապատն ու մեր հանգստաւէտ պայմանները կը մտածենք: Սրբազան Հայրը ներկայները հրաւիրեց Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնին առիթով դիմելու անոր բարեխօսութեան, ապրելու եւ առաջնորդուելու անոր հաւատքով ու խոստովանութեամբ:

Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ աշխարհական նուիրեալ սպասաւորներու յիշատակին, որոնց կարգին՝ եկեղեցւոյ անդրանիկ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Ադրէասեանի, հոգաբարձութեան, երեսփոխանական կազմի, տիկնանց միութեան եւ յարակից մարմիններու ննջեցեալ անդամ-անդամուհիներու հոգիներու համար, որուն յաջորդեց ննջեցելոց հոգւոյն փրկութեան եւ հաւատացեալներու օրհնութեան եւ բժշկութեան համար պատրաստուած մատաղի օրհնութիւնը Սրբազան Հօր նախագահութեամբ եւ խորանի սպասարկուներու ու հաւատացեալներու հոգեպարար երգեցողութեան մասնակցութեամբ։

Արարողութեանց աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, հովիւն ու սարկաւագները “Ուրախ լեր” շարականի երգեցողութեամբ, թափօրով ուղղուեցան եկեղեցւոյ գաւիթը, ուր դպրաց դասի եւ ներկայ հաւատացեալներու ու պաշտօնական հիւրերու մասնակցութեամբ, երգեցին “Կիլիկիա” մաղթերգը եւ “Ի վեհ բարձանց” հայրապետական մաղթերգը։ Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ուխտաւոր ժողովուրդին։

Ներկաները օրուան հոգեպարար արարողութիւններով եւ օրհնաբեր խօսքերով լիցքաւորուած, օրհնուած մատաղ առնելէ ետք մեկնեցան։

Ապա, եկեղեցւոյ “Անտոն Անտոնեան” սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Տիկնանց միութեան կողմէ կազմակերպուած աւանդական սիրոյ ճաշը: Առաջնորդ Սրբազանին կողքին, ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան փոխ ատենապետ՝ Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան եւ անդամ՝ Տիկին Թերէզ Քէմանճեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, գլխաւոր բարերարը եւ ընտանիքը, հովանաւորներ, նուիրատուներ, հոգաբարձութեան անդամներ, երեսփոխաններ եւ այլ հրաւիրեալներ։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր սեղանի օրհնութենէն ետք, բարի գալուստի խօսք ուղղեց հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Յովսէփ Կիրակոսեան, ապա ողջոյնի խօսքեր ուղղեցին եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարները՝ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեաններ եւ Ազգ. Վարչութեան փոխ ատենապետ՝ Տիար Տիգրան Պապիկեան, շնորհաւորելով օրուան տօնախմբութիւնը։

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր շնորհաւորական եւ գնահատանքի ջերմ խօսքերէն ետք, “Պահպանիչ” աղօթքով աւարտին հասաւ Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան հանդիսաւոր տօնախմբութիւնը։

Շաբաթ 31 Յունուարի երեկոյեան, Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Կիրակնամուտի ժամերգութիւն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022