Շաբաթ, 12 Մարտ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10։30-էն սկսեալ, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու ուսուցիչներու միօրեայ համագումարը, նախաձեռնութեամբ Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վարիչ Մարմինին։ Համագումարը կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը: Մասնակցեցան ծխական շրջաններու Հոգեւոր Հովիւները եւ աւելի քան 25 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ։
Համագումարը սկսաւ Արեւագալի Ժամերգութեամբ, «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռին մէջ։ Տիկին Մատլէն Թաթոյեան «Ծառայութեան Տարուան» նիւթին շուրջ Աստուածաշունչէն մէջբերումներ ներկայացուց ծառայութեան մասին եւ հոգեւոր խորհրդածութեամբ մը հարստացուց ներկայ ուսուցիչներուն միտքերը։ Ապա մասնակիցները անցան սրահը, ուր համագումարը ընթացք առաւ:
Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վարիչ Մարմինի համա-ատենապետ Տիար Յակոբ Ջաղացպանեան արտասանեց բարի գալուստի խօսքը։
Տիար Շանթ Քէնտիրեան ներկայացուց Ս. Խաչ Մայր Տաճարի կազմակերպած «Camp Shining Light»էն տեսաերիզ մը, բացատրութիւններ տուաւ այդ ճամբարի մասին, եւ քաջալերեց որ այլ շրջաններու Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներ մասնակցին յառաջիկայ բանակումին, որ տեղի պիտի ունենայ Յուլիսի 10էն-16։
Ճաշի դադարէ ետք, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան խօսեցաւ «Ծառայութիւն եւ Կիրակնօրեայ դպրոց» բնաբանով։ Հայր Սուրբը իր խօսքին մէջ ընդգծեց որ «հոգեւոր ծառայութեան սկզբունքը կը կիրարկուի կիրակնօրեայ դպրոցի դասարաններուն մէջ, հոն է մարտահրաւէրը, որպէսզի պատրաստենք մեր ապագայի սերունդները մեր եկեղեցւոյ ու ազգի ծառայութեան»:
Բրշ. Խաչիկ Սրկ. Շաննագեան ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի «Ծառայութեան Տարի»ի պատգամը։ Այնուհետեւ, ուսուցիչները բաժնուեցան երկու խմբակներու, որպէսզի գործնական աշխատանք կատարեն Վեհափառ Հայրապետի պատգամին առաջնորդութեամբ։ Անոնք գործնական եզրակացութիւններ բերին ժողովին, կեդրոնանալով կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներուն եւ ուսուցիչներու ծառայութեան մասին։
Տիար Յակոբ Ջաղացպանեան հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որպէսզի ուղղէ իր պատգամը եւ կատարէ փակման աղօթքը։
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վերահսկիչ Մարմինի անդամները եւ ներկայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, իրենց տարած աշխատանքներուն եւ նուիրումին համար։ Ան նշեց, թէ խոնարհութեամբ մատուցուած իրենց աշխատանքը հոգեւոր ծառայութիւն է, ապա խօսելով Կիրակնօրեայ դպրոցներու առաքելութեան եւ ուսուցչական կազմերու նուիրումին մասին, թելադրեց, որ հաւատքով, նուիրումով ու սերտ գործակցութեամբ ու ծառայութեամբ շարունակեն իրենց առաքելութիւնը։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով աւարտեցաւ համագումարը։ Մասնակիցները սրահէն մեկնեցան յուշանուէրներով: