Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2017-ին, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըս գաւառի վերակացու Քէթըրին Պարկըրի գլխաւոր ներկայացուցիչ Աննա Մուրատեանի ու աւագ տեղակալ Ճէրըտ Տէկօնիայի։
Հանդիպման ընթացքին, հիւր ներկայացուցիչները նկատել տուին, որ վերակացու Պարկըրի շրջանին մէջ հայկական համայնքը նկատառելի եւ կարեւոր մաս կը կազմէ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին հնարաւորինս օժանդակել համայնքին։ Անոնք նաեւ անդրադարձան հայկական համայնքին համար վերակացու Պարկըրի կատարած նախաձեռնութիւններուն մասին, ինչպիսին՝ Ապրիլ ամսուան հռչակումը Հայկական Ժառանգութեան ամիս։
Առաջնորդ Սրբազանը իր հերթին ընդհանուր պատկերացումներ եւ տեղեկութիւններ տուաւ Ազգ. Առաջնորդարանի գործունէութեանց մասին եւ վստահեցուց, որ փոխադարձ վստահութիւնը, բարեկամութիւնն ու համագործակցութիւնը պիտի շարունակուին իրենց միջեւ։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէր յանձնեց ներկայացուցիչներուն։