Հինգշաբթի 11 Ապրիլ 2019-ին, Ս. Յարութեան տօնի նախօրեակին, Փասատինայի Ազգ. Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուրի աշակերտները այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան, ուր հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին կողմէ, կողքին ունենալով Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ.
Փեհլիվանեան։ Աշակերտներուն կ՛ընկերանային վարժարանի վարիչուհին՝ Տիկ. Կարին Չուքատարեան եւ ուսուցիչներ։
«Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ տեղի ունեցաւ աղօթքի պահ մը՝ «Հայր Մեր»ի եւ Արեւագալի շարականի երգեցողութեամբ, ապա, «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ աշակերտները ելոյթ ունեցան Գարնան եւ Ս. Զատկուան նուիրուած երգերով ու արտասանութիւններով։ Անոնք Առաջնորդ Սրբազան Հօր յանձնեցին իրենց պատրաստած անակնկալ նուէրը՝ Յովհաննէս Թումանեանին ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ալպոմ մը, որ կը պատկերէր Թումանեանի իւրաքանչիւր հեքիաթին գծագիրը։
Աշակերտներուն հետ մտերմիկ զրոյցներ ունենալով, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց անոնց մատուցումները, դրուատեց դաստիարակները, ապա կեդրոնացաւ Ծաղկազարդի ու Ս. Յարութեան տօներու խորհուրդներուն վրայ, ընդգծելով, որ Յիսուս այնքան կը սիրէ մանուկները եւ մեզի կ’ըսէ, «Ձգեցէ՛ք որ մանուկները ինծի գան»։ Այս առիթով, մանուկներուն նուիրեց խաչեր եւ Ս. Յարութեան նկարներ։