Միջ-Դպրոցական Ասմունքի Մրցում


Հայ Քոյրերու Վարժարանին սրահը Շաբաթ, 14 Մայիս 2016ին, մայիսեան գարունի բուրմունքով օծուն էր, շնորհիւ հայ անմահ գրողներու գործերէն կազմուած բազմերանգ ծաղկեփունջի մը, զոր խումբ մը մանուկներ ու պատանիներ բեմ հանեցին միջ-դպրոցական արտասանական մրցումին առիթով. առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2 տեւած ձեռնարկը չմնաց սոսկական մրցումի մը սահմաններուն մէջ, այլ վերածուեցաւ մեր գրաւոր մշակոյթի պանծացման հանդէսի։

Աշակերտական մրցումը յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով է որ կը կազմակերպուի Ազգային Աաջնորդարանին կողմէ. այս տարի, կազմակերպչական գործնական աշխատանքը վստահուած էր Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինին, որ իբրեւ գործակից ունցաւ նախորդ մրցումներու նախապատրաստութիւնը կատարող սեղմ յանձնախումբը։ Եւ այսպէս, ձեռքերու միացումով իրականացած հանդէսը պսակուեցաւ հպարտալի յաջողութեամբ։

Ներկայ էին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչը՝ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ տեարք Վահէ Յովակիմեան, ատենադպիր Անդրանիկ Գասպարեան եւ անդամ Տիկին Թերէզ Քեմանճեան, Խնամակալ Մարմինի ատենապետուհի Տիկին Լիզա Կապուտեան, տնօրէններ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներու հարազատներ։ Հայ Քոյրերու Վարժարանին տնօրէնութիւնը սիրայօժար հիւրընկալեց այս տարուան մրցումը, յանձն առնելով նաեւ նախաճաշի ու ճաշի հիւրասիրութիւնը։

Հիւրընկալ վարժարանի հայերէնի դաստիարակներէն Տիկին Լինտա Գանտիլեան արտասանեց ողջոյնի կարճ խօսք մը ու հրաւիրեց վարժարանի տնօրէնուհին՝ Քոյր Լուսիան, որպէսզի արտասանէ բարի գալուստի իր խօսքը։ Քոյր Լուսիա ողջունեց բոլոր ներկաներն ու կազմակերպիչները եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ իրենց վարժարանը կ’ըլլայ այս մրցումին հանդիսավայրը։ Ան ըսաւ, որ նման նախաձեռնութեան մը մասնակցութիւնը նոյնքան կարեւոր է, որքան արդիւնքը, եւ յաջողութիւն մաղթեց մասնակիցներուն։

Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ Փեհլիվանեան հրաւիրուեցաւ կատարելու բացման աղօթքը։ Ան «Հայր Մեր»ով ու գործերու յաջողութեան աղօթքով օրհնեց ներկաները։

Ողջոյնի եւ պաշտօնական բացման խօսքը արտասանեց Խնամակալ Մարմինի ատենապետուհի Տիկին Լիզա Կապուտեան։ Ան ողջունեց Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներն ու դաստիարակները, շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին ընդառաջող բոլոր դպրոցներուն ու աշակերտներուն, նշելով, որ այս ձեռնարկին իրականացման մէջ անփոխարինելի բաժին ունին տնօրէնութիւնները, ուսուցիչները, աշակերտներն ու անոնց ծնողները։ Անդրադառնալով Արցախի վերջին շաբաթներու իրադարձութեանց, ան շեշտեց, որ երբ մեր երիտասարդ զինուորները կեանքի գնով կը պաշտպանեն մեր հայրենիքի սահմանները, այս մրցումին մասնակցող աշակերտներն ալ մեր լեզուին ու մշակոյթին պաշտպան զինուորներն են, անոնց ծնողները արժանի են գնահատանքի, իրենց զաւակներուն հայեցի դաստիարակութեան նպաստող այս նախաձեռնութեան իրենց ցուցաբերած գործակցութեան համար։

Կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն Տիար Միհրան Թումաճեան հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ մրցումին մասին. նշեց, որ յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով այս ձեռնարկին իբրեւ զօրակից ու գործակից ունի «Աւան Շուշի Փլազա»ի տնօրէն Տիար Ալեք Պաղտասարեանը, ներկայացուց դատական կազմի անդամները՝ Տիկնայք Թագուհի Արզումանեանը, Շաքէ Թուխմանեանը, Տեարք Գրիգոր Օկարեանն ու Խորէն Արամունին, բոլորն ալ արուեստագէտներ ու գրողներ. եօթը դպրոցներ ընդառաջած են հրաւէրին, աւելի քան 40 աշակերտներով, որոնք հանդէս պիտի գան տարիքային երեք խումբերով. նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական։ Մրցումին թուականը զուգադիպած է մէկէ աւելի վարժարաններու վերին կարգերու աշակերտներու Հայաստան կամ Ուաշինկթըն աւանդական այցելութեանց, հետեւաբար, յանձնախումբը մտածում ունի յառաջիկայ տարուան մրցումը կազմակերպելու այնպիսի թուականի մը, որ նման խաչաձեւում չպատահի եւ առաւելագոյն թիւով դպրոցներ ու աշակերտներ մասնակցութիւն բերեն մրցումին։ Տիար Թումաճեան նաեւ յայնեց, որ բոլոր մասնակցողները վկայագիրներ պիտի ստանան Խնամակալ Մարմինէն եւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն, ինչպէս նաեւ իրենց հետ պիտի տանին գիրքեր ու որմազդեր, իբրեւ նուէր տրամադրուած Ազգային Առաջնորդարանին, հիւրընկալ վարժարանի տնօրէնութեան եւ «Ապրիլ» գրատան կողմէ։

Մրցումը ընթացք առաւ 4րդ, 5րդ եւ 6րդ դասարաններու աշակերտներու արտասանութիւններով։ Տիար Թումաճեան յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց արտասանողները, որոնք կը ներկայացնէին Հայ Քոյրերու, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Մանուկեան-Տեմիրճեան, Հայ Աւետ. Մերտինեան, Ազգ. Մեսրոպեան, Շամլեան, Փիլիպոս, Մարի Գապայեան նախակրթարանն ու Ֆերահեան երկրդ. վարժարանները։ Աշակերտներուն արտասանութիւններուն ճամբով սրահին ու բոլորին հոգիներուն մէջ ապրեցան բանաստեղծներ Շիրազ, Ծառուկեան, Սարմէն, Հրաչեայ Յովհաննիսեան, Վարուժան, Սեւակ, Թումանեան, Նալպանտեան, Սահեան, Ժագ Ս. Յակոբեան եւ բազում ուրիշներ։ Կրտսեր պատանիները արտասանեցին ապրումով, լաւ առոգանութեամբ եւ յուզումով, վարակելով նաեւ ունկնդիրները։

Դադարին, Քոյր Լուսիա, Տիկին Կապուտեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն Նանէ Աւագեան մասնակցողներուն բաժնեցին վկայագիրները. աշակերտները ունեցան խմբանկար մը։

Մրցումը շարունակուեցաւ միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներու ասմունքներով։ Վերոյիշեալ բանաստեղծներուն եւ գրողներուն միացան Էմին, Թէքէեան, Մ. Պեշիկթաշլեան, Սիամանթօ եւ ուրիշներ։ Ու երբ շարքը աւարտեցաւ, ներկաները լիցքաւորուած զգացին մեր գրականութեան գոհարներով։

Մասնակիցներու այս խումբն ալ արժանացաւ վկայագիրներու եւ ունեցաւ խմբանկար մը։

Սրտի խօսքեր արտասանեցին դատական կազմի անդամները։ Անոնք գնահատեցին բոլոր մասնակիցները, վեր առին հայ եկեղեցւոյ, դպրոցին ու մշակոյթին դերը՝ հայ նոր սերունդի կերտումին մէջ, յիշեցնելով, որ հայ մանուկին ու պատանիին մէջ հայութեան ոգին պէտք է ներմուծել մօր կաթին հետ։

Տիար Մ. Թումաճեան յայտարարեց, որ դատական կազմը իր գնահատականները արձանագրած է, անոնց համադրումէն ետք, վարժարաններուն պիտի հաղորդուին մրցանակաւորներուն անունները։

Փակման խօսքը արտասանեց Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ Տիար Սարգիս Մահսէրէճեան։ Շնորհաւորանքի ու շնորհակալութեան արտայայտութենէ ետք, ան յիշեցուց, որ այս տարուան մրցումը նուիրուած է Հայաստանի վերանկախացման 25րդ տարեդարձին. ներկայ Հայաստանն ու անոր անկախ գոյութիւնը հիմնուած են 28 Մայիս 1918ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ։ Եւ ինչպէս որ Հայաստանի անդրանիկ Հանրապետութիւնը ծնունդ էր Սարդարապատի ու մեր ժողովուրդի սխրանքին, մեր վերանկախացած հայրենիքն ալ ծնունդ է Արցախեան Պայքարին, որ կը շարունակուի այսօր. բոլորս ալ անձկութեամբ կը հետեւինք Ապրիլի առաջին օրերէն ի վեր սահմաններու իրադարձութեանց եւ իբրեւ մէկ բռունցք՝ կը կանգնինք մեր հայրենիքի պաշտպաններուն կողքին, իսկ այս հանդէսն ալ մասնակցութիւն է մեր շարունակուող պայքարին։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022