Ժողովրդային Հանդիպում Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին՝ Վիգէն Սարգսեանի Լոս Անճելըս այցելութեան առիթով, եւ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ու Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանին հրաւէրով, Երկուշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Պըրպէնքի Ս. Ղեւոնդեանց տաճարի «Նազարէթ եւ Սիմա Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք մը եւ ասուլիս, նիւթ ունենալով «Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու արդիականացումը»։

Ներկայ էին ամերիկահայ համայնքի ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Արցախի Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Վահէ Եագուպեան եւ հոգեւորականաց դասու ու Ազգ. Վարչութեան անդամներ ներկայ եղան հանդիպումին։

Երեկոն սկսաւ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումով։ Ապա, ժողովուրդի հետ հանդիպման ընթացքին, ողջոյնի խօսք արտասանեց Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան, որ ներկայացուց հիւր նախարարը եւ հրաւիրեց փոխանցելու իր խօսքը։ Պաշտպանութեան Նախարարը խօսեցաւ Հայաստանի ապահովութեան վիճակին, պաշտպանական միջոցառումներուն, բանակի կազմակերպական աշխատանքներուն, արդիական սպառազինման հեռանկարներուն ու յարակից ծրագիրներու մասին։ Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ հարց-պատասխան, զոր վարեց «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ»ի նախագահ՝ Տիկին Մարիա Մեհրանեան։

Հաւաքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը իր գնահատանքը յայտնեց այս միջոցառումին համար, որ գոհունակութեան ու հոգեկան ցնծութեան առիթ է։ Ան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Դեսպանին, ապա, յարգանքով գնահատեց նախարար Վիգէն Սարգսեանի անխոնջ ու անդուլ գործունէութիւնը, մանաւանդ, որ իր պաշտօնավարութեան աւելի քան մէկ տարուան ընթացքին հսկայական աշխատանք ծրագրած եւ իրագործած է ի խնդիր հայկական բանակի բարելաւման եւ հզօրացման, եւ այսօր, մանրամասն եւ սպառիչ կերպով ներկայացուց այդ բոլորը։

Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ հոգեւոր առաջնորդներու «Պահպանիչ»ով։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022