Ազգ. Թիւֆէնքեան Մանկամսուրի Աշակերտները Ծաղիկներ Մատուցեցին Ազգ. Առաջնորդարանի Նահատակաց Յուշակոթողին


Ապրիլ 24ի նախօրեակին, Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան մանկամսուրի աշակերտները Ուրբաթ, 21 Ապրիլ 2017-ի առաւօտուն Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին իրենց դաստիարակներուն հետ, ծաղիկներ դրին Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յուշակոթողին եւ ստացան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի օրհնութիւնը։

Շուրջ 100 մանուկներ, անմոռուկով զարդարուած շապիկներ հագուած, Ազգ. Առաջնորդարան հասան առաջնորդութեամբ մանկամսուրի վարիչուհի Տիկին Արսինէ Աղազարեանի եւ ուսուցչուհիներու։ Առաջնորդ Սրբազանը, կողքին ունենալով Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեանն ու Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանը, աշակերտներն ու դաստիարակները հիւրընկալեց Ցեղասպանութեան նահատակներու յուշակոթողին առջեւ. բոլորը միասնաբար երգեցին Տէրունական Աղօթքը, հոգեւոր հայրերը երգեցին «Այսօր յարեաւ» զատկուան շարականը։ Առաջնորդ Սրբազանը հակիրճ յորդոր մը ուղղեց մանուկաներուն՝ աղօթելու եւ ապաւինելու Աստուծոյ, որպէսզի ըլլան զօրաւոր։

Աշակերտները ծաղիկներ դրին յուշակոթողին առջեւ, ապա ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ ուղղուեցան Ազգ. Առաջնորդարանի յառաջամասը, ուր խմբանկար մը ունեցան Առաջնորդ Սրբազանին եւ հոգեւոր հայրերուն հետ։ Մեկնելէ առաջ, անոնք հիւրասիրուեցան քաղցրաւենիքով ու իբրեւ յուշանուէր՝ ստացան խաչեր։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022