Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կողքին կանգնած ու անոր հովանին վայելող Ազգ. Թիւֆէնքեան մանկամսուրը Ուրբաթ, 23 Յունուար 2015ին, Հոլիվուտի “Տաղլեան” սրահին մէջ հանդիսաւոր ճաշկերոյթով մը տօնեց իր հիմնադրութեան 40րդ տարեդարձը: Հանդիսութիւնը կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան: Ներկայ էր նաեւ Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի համա-ատենապետ Տիկ. Մակի Սարգունի։
Այս ուրախ առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց մանկամսուրի տնօրէնութիւնն ու վարչակազմը, Ուսումնական Մարմինը, բարերարները, հովանաւորները, դաստիարակներն ու աշակերտները, մաղթելով բարի երթ ու նորանոր նուաճումներ: Ան յարգանքով յիշեց այս կրթարանին հիմնադիրները, որոնց տեսլականին շնորհիւ 40 տարի առաջ ծնունդ առաւ Թիւֆէնքեան մանկամսուրը եւ ապրեցաւ վերելք՝ շնորհիւ նուիրեալ սերունդներու: Ան գնահատեց վարժարանին զօրակիցներն ու հովանաւորները, մասնաւորաբար գլխաւոր բարերարները՝ Տէր եւ Տիկին Ռալֆ եւ Սաւի Թիւֆէնքեան ամոլը:
Առաջնորդ Սրբազանը խանդավառ մթնոլորտի մէջ յայտարարեց, որ վարժարանին պատասխանատուները, խորհրդակցելէ ետք Ազգային Վարչութեան ու Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինին հետ, ձեռնարկած են գնել մանկամսուրին կից գտնուող բնակարանը, որպէսզի կարելի ըլլայ ընդարձակել վարժարանը եւ ընդունիլ աւելի մեծ թիւով աշակերտներ: Ան նաեւ աւետեց, որ բարերար Թիւֆէնքեան ամոլը սիրայօժար կերպով այս նպատակին համար կը նուիրէ 100,000 տոլար: Յայտարարութիւնը դիմաւորուեցաւ խանդավառ ծափողջոյններով:
Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց այս ծրագիրը իրականաաման ճամբու մէջ դնողներուն ճիգերը, որոնք նոր ճամբայ կը հարթեն հիմնադիր սերունդին կերտած առաքելութեան մէջ, եւ ընդգծեց, որ այս ու նման իրագործումներ նորագոյն պատասխաններ եւ Թուրքիոյ, թէ 100 տարի առաջ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը չէ յաջողած, հայութիւնը վերածնած է ու կը շարունակէ իր յաղթական երթը, քաղաքակրթական նուաճումները: Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ վարժարանի վարիչուհիին՝ Տիկին Արսինէ Աղազարեանի նուիրեալ ծառայութեան մասին, նշելով, որ անոր պաշտօնավարութեան 23 տարիներուն, մանկամսուրը զարգացումներ ապրած է: Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց վարժարանին բարերարները եւ զօրակիցները, վեր առնելով նոր սերունդներու կերտումին մէջ անոնց օրինակելի ընթացքը:
Յայտնենք, որ վարժարանին տնօրէնութիւնը յատուկ նուէր մը վերապահած էր Թիւֆէնքեան բարերար ամոլին, ի յիշատակ անոր հանգուցեալ զաւկին՝ Ռիչըրտի, որուն անունով կանգնած է մանկամսուրը: