ԿԱՐԳԱԼՈՅԾ ՀՌՉԱԿՈՒՄ Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեանի

եծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Տնօրէն Ժողովը կը յայտարարէ, թէ նկատի ունենալով՝

ա.- Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեանի ցուցաբերած անհնազանդ ընթացքը,

բ.- Կաթողիկոսարանը խաբած ըլլալը, փոխանակ Վենեզուելա՝ իր ներկայ պաշտօնատեղին եւ հետագային Քանատա՝ իր նոր պաշտօնատեղին ուղղուելու, Լոս Անճելոս մնացած ըլլալը,

գ.- Վերջերս Լոս Անճելոսի մէջ, Հայ Եկեղեցիէն ներս քարոզի ընթացքին իր ունեցած անպատշաճ արտայայտութիւնները,

դ.- Զղջումնագիր գրելու իրեն տրուած վերջին առիթին մերժումը,

Տնօրէն Ժողովը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կանոնագրութեան տրամադրութիւններուն համաձայն, միաձայնութեամբ առաջարկեց Վեհափառ Հայրապետին որ կարգալոյծ հռչակէ Հայր Պարթեւը:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 16 Հոկտեմբեր, 2012 թուակիր վճռագրով կարգազուրկ հռչակեց Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեանը, զինք դասելով աշխարհականներու կարգին նախկին Պերճ անունով:

16 Հոկտեմբեր 2012

Անթիլիաս

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022