ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ
Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին այս տարի, Շաբաթ, 11 Փետրուարին պիտի նշէ Ս. Սարգիս Զօրավարին եւ անոր որդւոյն՝ Մարտիրոսին եւ 14 զինակիցներուն տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան օրն է Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ։
Այս առթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 12 Փետրուար 2017ին, Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ, սուրբին վարքն ու մարտիրոսութիւնը վեր առնող պատգամ մը պիտի ուղղէ եւ մատաղի օրհնութիւն պիտի կատարէ Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ:
Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի եկեղեցւոյ անդրանիկ Հոգեւոր Հովիւին՝ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Անդրէասեանի, հանգուցեալ հոգաբարձուներու, երեսփոխաններու, Տիկնանց Միութեան անդամուհիներու եւ եկեղեցւոյ սպասարկողներու հոգիներուն համար։
Նախորդ օրը, Շաբաթ, երեկոյեան ժամը 7-ին, տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ։
***
ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽԱՐՈՅԿ
Երեքշաբթի, 14 Փետրուարը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի տօնն է։ Երկուշաբթի, 13 Փետրուարի երեկոյեան, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ պիտի կատարուի։ Արարողութեան ընթացքին, ծնողներ իրենց նորածին մանուկներն ու փոքր երեխաները տաճար կþընծայեն, ուր քահանայ հայրերը զանոնք աղօթքով կը մատուցեն Ս. Խորանին։
Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութեան եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Արարողութիւնը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 6։30-ին։ Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական խմբապետներ, վարչական պատասխանատուներ եւ անդամներ ներկայ պիտի ըլլան արարողութեան։
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ պիտի բոցավառի աւանդական խարոյկը եւ ժողովրդային ու հայրենասիրական երգերով տեղի պիտի ունենայ Տեառնընդառաջի ժողովրդային հանդէս։
Աւելի ուշ, Առաջնորդ Սրբազանը, ներկայ հոգեւորականները, Ազգ. Վարչութեան անդամներ, եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատասխանատուներ եւ սկաուտներ, «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ պիտի համախմբուին սիրոյ սեղանի շուրջ, հիւրընկալութեամբ Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան։
***