Շաբաթական Լուրեր – 3 Փետրուար 2017

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՔՐԵՍԵՆԹԱ ՀՈՎԻՏԻ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Կիրակի, 5 Փետրուար 2017ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։

***

ԱՌԱՋԱՒՈՐԱՑ ՊԱՀՔԻ ԱՌԻԹՈՎ ԽԱՉԱՀԱՆԳԻՍՏ ԵՒ ՋՐՕՐՀՆԷՔ

Այս տարի Առաջաւորաց պահքի Բարեկենդանը կը համընկնի Կիրակի, 5 Փետրուարին։ Մեծ Պահքի կարապետ հանդիսացող այս պահքը իւրայատուկ է Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եւ հաստատուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին կողմէ, մեր ազգի Քրիստոնէութեան դարձին առիթով։ Առաջաւորաց պահքը մեր ժողովուրդի բարեպաշտութեան մէջ թիւրիմացաբար ծանօթ է նաեւ Ս. Սարգիսի պահք անունով, քանի որ Առաջաւորաց պահքին յաջորդող շաբաթ օրը Հայաստանեայց եկեղեցին կը նշէ Ս. Սարգիսի տօնը:

Եռօրեայ ծոմապահութիւնը կը սկսի Կիրակի, 5 Փետրուարի կէս գիշերին եւ կը շարունակուի մինչեւ Չորեքշաբթի, 8 Փետրուարի առաւօտը։

Չորեքշաբթի առաւօտեան, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ Առաջաւորաց պահքի խաչահանգիստ եւ ջրօրհնէք կը կատարուի, որմէ ետք հաւատացեալ ծոմապահները Ս. Հաղորդութիւն եւ օրհնուած ջուր կը ստանան։

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022