Շաբաթական Լուրեր – 30 Յունուար 2015

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

StSarkisՀայց. Առաք. եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Շաբաթ, 31 Յունուար, Ս.
buy valtrex online www.mydentalplace.com/wp-content/themes/twentytwelve/inc/en/valtrex.html no prescription

Սարգիս Զօրավարին եւ իր որդւոյն՝ Մարտիրոսի եւ 14 զինուորներու յիշատակի տօնն է, նաեւ՝ անուանակոչութեան տօնը Թեմիս Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ։ Այս առիթով, Կիրակի, 1 Փետրուար 2015ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի եւ մատաղօրհնէք պիտի կատարուի։ Պիտի պատարագէ, մատաղօրհնէք պիտի կատարէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։

Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ անդրանիկ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Անդրէասեանի, նախկին հոգաբարձուներու, երեսփոխաններու, տիկնանց միութեան անդամներու, եկեղեցւոյ սպասարկած եւ հայ ժողովուրդի հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներուն։ Ս. Պատարագէն ետք, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան, “Անտոն Անտոնեան” սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ սիրոյ ճաշ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։

Շաբաթ, 31 Յունուարին, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առթիւ, երեկոյեան ժամերգութիւն պիտի կատարուի ժամը 7-ին։

***

ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՄԻՆԻ ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ

SARFConcertԿիրակի, 25 Յունուարի երեկոյեան, “Pasadena City College”ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանգանակային համերգ, ի նպաստ Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Մարմինին: Համերգի սկսելէ առաջ, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական դէպքին զոհ գացած Աւետիսեան ընտանիքի անդամներուն, ապա Տէրունական աղօթքով սկիզբ առաւ յայտագիրը: Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ կատարեց բացման աղօթքը։

Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Մարմինի ատենապետ Տիար Ժան Թիթիզեան շնորհակալական խօսքով ողջունեց ներկաները, յայտնելով թէ ցարդ կատարուած զանազան հանգանակային աշխատանքներուն կողքին, այս եզակի երգահանդէսի ամբողջ հասոյթը եւս պիտի փոխանցուի Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Մարմինին՝ SARFին, իբրեւ զօրակցութիւն Սուրիոյ մեր գաղութի քոյրերուն ու եղբայրներուն:

Ազգագրական ու ազգաշունչ զանազան երգերու մեկնաբանութեամբ,սիրուած երգիչներ, պարախումբի ընկերակցութամբ, մթնոլորտը ճոխացուցին ու ժողովուրդին տրամադրութիւնները բարձրացուցին:

***

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100¬ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒՐՈՒԱԾ “ԼԱՐՔ”Ի ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՆ

LARKConcertՀիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութեան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, “Լարք” երաժշտական միաւորը Շաբաթ, 24 Յունուարի երեկոյեան, ելոյթ ունեցաւ Փասատինայի Ambassador սրահին մէջ։ Յայտագիրը կը կրէր “Մեր Լոյս, Մեր Յոյս” խորագիրը եւ երաժշտութեան ու ասմունքի լեզուներով կը ներկայացնէր հայ ժողովուրդին յաջողութիւնները, Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ փայլուն ապագայի յաղթանակի կերտումը՝ քրիստոնէական հաւատքով եւ հայու քաջ ինքնութեամբ։

Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ համերգին։ Սրբազանին կ’ընկերանար Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։ Ներկայ էին նաեւ Ազգային Վարժութեան անդամներ Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան եւ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան։

***

ԱՆԾԻՆ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԱՂՕԹՔ

CatholicMassՇաբաթ, 24 Յունուարի երեկոյեան, արուեստական վիժումի միջոցով մահացած կամ անծին մանուկներու կեանքին արժէքին անդրադառնալու համար, Կաթողիկէ համայնքի Լոս Անճելըսի “Cathedral of our Lady of the Angles” Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ կեանքի նուիրուած արարողութիւն: Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Տ. Հոզէ Արք. Կոմէզի հրաւէրով, ամէն տարի կատարուող այս յիշատակի արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տարբեր յարանուանութիւններ եւ կրօնական ներկայացուցիչներ:

Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, արարողութեան մասնակցեցան Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան եւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան:

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022