ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԹԵՄԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Այսու կը հաղորդենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 19րդ տարեդարձին առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, Կիրակի, 29 Յունիսին, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի, Հայրապետական Մաղթանք պիտի կատարուի Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։
Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, պիտի նախագահէ Հայրապետական Մաղթանքի արարողութեան եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։
Ս. Պատարագի եւ Հայրապետական Մաղթանքի ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Ազգային Վարչութեան անդամներ մեր եկեղեցիներուն մէջ։
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները խուռներամ ուղղուելու մեր եկեղեցիները եւ աղօթք բարձրացնելու Կիլիկեան Ս. Աթոռի անսասանութեան եւ անոր ազգընտիր Վեհափառ Հօր քաջառողջութեան ու երկար գահակալութեան համար։
***
Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի 39ՐԴ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐ ՈՒ ՓԱՌԱՏՕՆ
Յուլիս 2էն 5 տեղի պիտի ունենան Հ.Մ.Ը.Մ.ի 39րդ Նաւասարդեան մարզախաղերն ու փառատօնը, Պըրմինկհէմ Հայ Սքուլի համալիրին մէջ, Վէն Նայս։
Հինգշաբթի, 3 Յուլիսի երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազանը այցելութիւններ պիտի տայ կրպակները։ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան պիտի ընկերանայ Սրբազանին։
Շաբաթ, 5 Յուլիսին, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ պիտի ըլլայ Նաւասարդեան մարզախաղերուն փակման հանդիսութեան ու տողանցքին, եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամն ու օրհնութիւնները։
Իսկ Շաբաթ, 28 Յունիսի երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ պիտի ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան Յաղթանակի Պարահանդէսին ու պիտի փոխանցէ իր օրհնութեան խօսքն ու բարեմաղթութիւնները։
***
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Հ.Ե.Դ.-Ի ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻՆ
Հ.Ե.Դ. Միութեան կազմակերպած ամառնային բանակավայրը այս տարի եւս իր դաստիարակչական ծրագիրներուն մէջ նկատի առած է մեր եկեղեցւոյ մասին գիտելիքներու փոխանցումը եւ խնդրած է Առաջնորդ Սրբազանէն, որ դասախօսներ տրամադրէ բանակումին մասնակցողներուն համար։
Ընդառաջելով ՀԵԴ-ի պատասխանատու մարմինի հրաւէրին, Առաջնորդ Սրբազանը սոյն ծրագրին համար նշանակեց Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան, Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան ու Բարշ. Խաչիկ Սրկ. Շաննագեան։
Առաջին դասախօսական ծրագիրը իրագործուեցաւ Չորեքշաբթի, 25 Յունիսին։ Բարշ. Խաչիկ Սրկ. Շաննագեան այցելեց Հ.Ե.Դ.ի բանակավայրը, եւ բանակումին մասնակցողներուն դասախօսեց “Հայ եկեղեցւոյ դերը ազգապահպանման մէջ” նիւթով։
***
ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԲԱՆՏԱՅԻՆ ՍՊԱՍԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԲԱՐՇ. ՐԱՖՖԻ ՍՐԿ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏՈՒԻ
Շաբաթ, 21 Յունիսին, Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետի գրասենեակը գնահատանքի ու պատիւի արժանացուց Ազգային Առաջնորդարանի բանտային սպասարկութեան պատասխանատու Բարեշնորհ Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեանը, բանտարկեալներուն իր մատուցած կամաւոր սպասարկութեան համար։
Ոստիկանապետի գրասենեակը կազմակերպած էր “Կամաւորներու գնահատման տարեկան հաւաք”ը, որ տեղի ունեցաւ հինգերորդ տարին ըլլալով։ Րաֆֆի Սարկաւագ, ի շարս այլ կամաւոր ծառայողներու որոնք կրօնական եւ ընկերային ծրագիրներու ճամբով օգտակար կ’ըլլան բանտարկեալներու, արժանացաւ յատուկ գնահատագիրի մը։
***