Շաբաթական Լուրեր – 12 Մայիս 2017


ԹԵՄԻՍ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ 45-ՐԴ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ՝ 19 ԵՒ 20 ՄԱՅԻՍԻՆ

Յառաջիկայ շաբաթավերջին, Ուրբաթ, 19 եւ Շաբաթ, 20 Մայիս 2017-ին, Թեմիս Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը իր ընթացիկ 45-րդ նստաշրջանը պիտի գումարէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ կողքին գտնուող «Աւետիսեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր.
buy propecia online healthcoachmichelle.com/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/propecia.html no prescription

Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։

Երկօրեայ նստաշրջանը հրաւիրուած է քննարկելու Առաջնորդ Սրբազանին, Կրօնական Ժողովին, Ազգային Վարչութեան ու անոնց հովանիին տակ գործող ուսումնական եւ այլ միաւորներու աւարտող տարեշրջանի գործունէութուիւնը, իր գնահատականը արձանագրելու տարուած աշխատանքին մասին եւ պատրաստելու յառաջիկայ տարուան գործունէութեան նախագիծը՝ իր բարոյական ու նիւթական երեսներով։ Աւելին, տրուած ըլլալով, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2017 տարին հռչակած է Վերանորոգումի Տարի, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը յատուկ օրակարգ ունի թեմական կեանքը իր հոգեւոր ու ազգային դաշտերուն մէջ վերանորոգելու հեռահաս ծրագիրներ մշակելու, մանաւանդ, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակէն ետք, կը գտնուինք մեր պահանջատիրական երթն ու ուխտը, ինչպէս նաեւ մեր աշխատանքի ձեւերը վերանորոգելու հրամայականին դէմ յանդիման։

Նստաշրջանը պիտի հիւրընկալէ Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը։

Ըստ տարիներու աւանդութեան, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի նախօրեակին, եւ նմանապէս Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ յարկին տակ, տեղի պիտի ունենայ Թեմիս հոգեւորականաց միօրեայ համագումարը, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին։ Համագումարը պիտի սկսի ժամերգութեամբ, օրակարգի վրայ պիտի ունենայ դասախօսութիւններ, հոգեւոր խորհրդածութեան պահեր, Կրօնական Ժողովի գործունէութեան մարզերը, ինչպէս նաեւ այն հարցերն ու առաջարկները, որոնք այս ժողովէն կը փոխանցուին Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022